ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ - Դաշտահանդէս եւ Արամ Մանուկեանի Կիսանդրիի Քօղազերծում

By armenia.com.au | Saturday, 23 June 2018

Սիտնի – Համատեղ նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէին, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան, 24 Յունիս 2018ին Հայաստանի հանրապետութեան Գլխաւոր Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի պրոնզեայ կիսանդրիին քօղազերծումը տեղի պիտի ունենայ Համազգային Գօլստըն Ճեմարանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100րդ տարեդարձին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին: Ձեռնարկի կազմակերպութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Աւստրալիոյ ՀՄԸՄի եւ ՀՕՄի Շրջանային Վարչութիւններեը ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Արամ Մանուկեան, Սարտարապատ եւ Քեռի Կոմիտէները:

Պիտի բանախօսէ յատուկ այս առիթով ԱՄՆէն հրաւիրուած, ՀՅԴ Արխիւներու Հիմնարկի նախկին տնօրէն եւ հրապարակագիր Վաչէ Բրուտեան: Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն սիրուած երգիչներ Րաֆֆի Ատուրեան, Սագօ Մխմելճեան եւ Վարդան Կիւլիւմեան, մասնակից պիտի դառնան Գօլստըն Ճեմարանի աշակերտները ինչպէս նաեւ ՀԵԴեան արուեստասէր երիտասարդները իսկ ՀՄԸՄի սկաուտները պիտի տողանցեն ի յարգանք եւ ի պարծանք ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 100ամեակին:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ ԿԿի ներկայացուցիչ Գէորգ Վարդանեան յայտարարեց << Մայիս 28ի հարիւրամեայ ժառանգը պանծացնելու համար ուզեցինք մեր յարգանքի տուրքը տալ ամենէն կարեւոր եւ համեստ հերոսներէն Ընկեր Արամ Մանուկեանիին: Անձրեւի, կարկուտի թէ արեւու ներքեւ մեր համայնքի զաւակները պիտի հաւաքուին ունկնդրելու պատուարժան բեմբասաց ընկեր Վաչէ Բրուտեանի խօսքը:՝

Ձեռնարկը պիտի սկսի ժամը 12.00էն սկսեալ Գօլստըն Ճեմարանի շրջափակին մէջ (5 Chiltern Road, Ingleside NSW), պիտի վաճառուին ուտելիքներ եւ ըմպելիներ պատրաստուած Ճեմարանի Ծնողաց Յանձնախումբին կողմէ:

Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ աշխարհահռչակ երկու երգիչներ Յարութ Փամպուքճեան եւ Գառնիկ Սարգիսեան, որոնք Սիտնի հրաւիրուած են իրենց հայրենաշունչ երգերով ճոխացնելու 23 Յունիսին տեղի ունենալիք 100ամեակի պարահանդէսը:


comments

Advertisement