Աւստրալահայ Գաղութը Արժանավայել Կերպով Նշեց Անկախութեան 100 Ամեակը

By armenia.com.au | Monday, 16 July 2018

Կիրակի 24 Յունիսին, մասնակցութեամբ 1000է աւելի գաղութի անդամներ, Գօլստըն Ճեմարանի շրջափակին մէջ ներկայ եղան Արամ Մանուկեանի պրոնզեայ կիսանդրիի քօղազերծման հանդիսութեան, Հայաստանի Անկախութեան 100ամեակի առթիւ:



Գլխաւոր բանախօսն էր Հրապարակագիր եւ ՀՅԴ Արխիւներու նախկին ընդհանուր պատասխանատու Վաչէ Բրուտեան, որ յատուկ այս առիթով հրաւիրուած էր Լոս Անճեկըսէն: Իր տպաւորիչ խօսքին մէջ Բրուտեան անդրադարձաւ Առաջին Հանրապետութեան օրինակելի հանգամանքին եւ բարձր գնահատեց Հանրապետութեան քաջ բայց համեստ հիմնադիրները, ներառեալ Արամ Մանուկեանը:

Յայտագրին մաս կազմեցին ՀՄԸՄի սկաուտները, որոնք տողանցելով իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Առաջին Անկախութեան եւ ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 100 ամեակին առիթներով:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը, Համազգային Գօլստըն Ճեմարանը մասնակցեցան յայտագրին իսկ Համազգային Սասուն եւ Նայիրի Պարախումբերը իրենց պարերով խանդավառեցին ներկաները:

Արամ Մանուկեանի կիսանդրիի քօղազերծումը միասնաբար կատարեցին Աւստրալիոյ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Վարդանեան, Վաչէ Բրուտեան, Գօլստըն Ճեմարանի տնօրէն՝ Էտի Տէմիրճեան, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ Վիգէն Գալլօղլեան եւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչ Հրանդ Պէօճիւքեան, որմէ ետք ԿԿի ներկայացուցիչը  տուաւ օրուան պատգամը:

Այս յատուկ արարողութենէն ետք բեմ բարձրացան սիրուած տեղական երգիչներ Վարդան Կիւլիւմեան, Րաֆֆի Ատուրեան եւ Սագօ Մխմէլճեան, ապա՝ այցելու արուեստագէտ երգիչներ՝ Յարութ Փամպուքճեան եւ Գառնիկ Սարգիսեան:

Ճաշերու պատրաստութիւնը տեսած էր Գօլստըն Ճեմարանի Ծնողաց եւ Բարեկամներու Յանձնախումբը:

Այս ձեռնարկով իր աւարտին հասաւ 100ամեակի նուիրուած միջոցառումները, որոնք կ'ընդգրկէին նաեւ շքեղ Պարահանդէս մը մասնակցութեամբ Յարութ Փամպուքճեանի եւ Գառնիկ Սարգիսեանի, ի ներկայութեան 800 հանդիսականներու:

Գառնիկ Սարգիսեան ելոյթ ունեցաւ նաեւ Արեւմտեան Սիտնիի մէջ 29 Յունիսին <<Մայիս 28>>ի տօնակատարութեան ընթացքին, բազմահարիւր հանդիսատեսներու ներկայութեան: Նոյնը կրկնուեցաւ Մելպուրնի մէջ 30 Յունիսին: Անկախութեան 100 ամեակի առիթով Արմենիա Ամսաթերթը լոյս ընծայեց Բացառիկ թիւի մը նուիրուած Հայոց արդի պատմութեան ամենէն մեծ յաղթանակի յոբելենական տարեդարձին:

Աւստրալիոյ ՀՅԴ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբին, երաշխաւոր ազգայիններուն, ինչպէս նաեւ մասնակից կազմակերպութիւններուն ներառեալ Սարտարապատ, Արամ Մանուկեան, Քեռի եւ Ազատամարտ Կոմիտէները, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը, ՀՕՄը, ՀՄԸՄը, Համազգայինը եւ Արմենիամ Մետիան:


comments

Advertisement