Աւստրալիոյ Ծերակոյտի Անդամը Ցեղասպանութեան Ուրացման Ընդդիմանալու Կոչ Կ՛ընէ

By Asbarez | Saturday, 18 August 2018



ՔԱՆՊԵՐԱ.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ նոյն երկրին Ծերակոյտի անդամներէն Էրիք Ապեց, Օգոստոս 16ին ունեցած ելոյթի մը ընթացքին շեշտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն կարեւորութիւնը՝ յիշեցնելով, որ իրենց նախահայրերը հարիւր տարի առաջ գործնականապէս մասնակցած էին Ցեղասպանութեան զոհերուն օժանդակութիւն հասցնելու ջանքերուն։

Ցեղասպանութեան արհաւիրքը յիշեցնելէ ետք, ծերակուտականը ցաւ յայտնեց, որ Ցեղասպանութեան ընթացքին տեղի ունեցած եւ լաւապէս վաւերագրուած բռնարարքներն ու ականատեսներու վկայութիւնները երկար տարիներով անտեսուած են՝ նշելով, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմին մասնակցած Աւստրալիոյ բանակի անդամներն ու երկրին լրագրողները եւս ականատես եղած են Ցեղասպանութեան, եւ քննադատելով այն իրողութիւնը, որ Աւստրալիա ցարդ պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

«Կը հաւատամ արդարութեան յաղթանակին, եւ այդ պատճառով ալ կը հաւատամ, որ հայութիւնը արդար հատուցում պիտի ստանայ, սակայն պէտէ է գիտակցինք, որ ուշացած հատուցումը նաեւ զլացուած հատուցում է», շեշտած է Ապեց՝ խստօրէն դատապարտելով պատմական այս իրողութիւնը ուրանալու իւրաքանչիւր ջանք։

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Հայկ Քայսերեան իր կարգին դրուատած է ծերակուտական Ապեցի զգայացունց ելոյթը, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս նման յանդուգն կեցուածք կ՛որդեգրէ՝ վերջ տալով Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման նպաստող իր կեցուածքին։


comments

Advertisement