Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակի շքեղ հանդիսութիւն Սիտնիի մէջ

By Hamazkayin.com | Friday, 09 November 2018

Նախաձեռնութեամբ Աւստրալիոյ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 90-ամեակի շքեղ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 28 Հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5-էն սկսեալ, Համազգայինի Գօլստըն Ճեմարանի Նալպանտեան սրահէն ներս:

 

Հանդիսութեան հիւրաբար ներկայ էր Լիբանանէն Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեան, համայնքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեան, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրեր, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, Հ.Օ.Մ.-ի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ու շրջանին մէջ գործող այլ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ շուրջ 250 հանդիսականներ, որոնք եկած էին նեցուկ կանգնելու Համազգայինի 90-ամեակի տօնակատարութեան:

 

Հանդիսութիւնը սկսաւ Համազգայինի միօրեայ եւ շաբաթօրեայ դպրոցներու միացեալ երգչախումբին կողմէ Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներու կատարողութեամբ:

 

Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ անոր Շանթ, Նայիրի, Սեւան եւ Կոմիտաս մասնաճիւղերու, Նուպար Խաչատուրեան թատերախումբին եւ Սասուն մասնաճիւղի Սիտնի պարի անսամպլին, ինչպէս նաեւ Գօլստըն Ճեմարանի կողմէ բարի գալուստի եւ բացման խօսքը կատարեց հանդիսավար՝ Սիլվա Նազարեան, անդրադառնալով նաեւ Համազգայինի Աւստրալիոյ մէջ հիմնադրութեան 55-ամեակին:

 

Յայտագրի պաշտօնական բաժինին անցնելէ առաջ, ընկերուհին ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած հաամզգայնական ընկեր-ընկերուհիներուն, ինչպէս նաեւ՝ վերջերս իր մահկանացուն կնքած համաշխարհային եւ վաստակաւոր երգիչ Շառլ Ազնաւուրի յիշատակը:

 

Յայտագրի առաջին բաժինով, Մոսիկ Ինճէճիկեան, Ֆրանսուա Փամպուգեան եւ Անդրանիկ Ճէնճի 1928-ին Գահիրէի մէջ Համազգայինի հիմնադրութեան մտայղացման կենդանի պատկերը ներկայացուցիմ՝ Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի եւ Համօ Օհանջանեանի դերերով, որոնք մտահոգուած ցեղասպանութենէն վերապրող ժողովուրդի թափառական իրավիճակով, հայ ժողովուրդը հայ պահելու համար միակ միջոցը՝ կրթական եւ մշակութային կազմակերպութիւն մը հիմնելու տեսլականը ունէին:

 

Երեկոյի ընթացքին հանդէս եկան Համազգային Սիտնի Պարի Անսամպլը, ինչպէս նաեւ՝ Նայիրի պարախումբը, իրենց շքեղ ու հմայիչ պարերով: Գեղարուեստական եւ զանազան տեսերիզներու ընդմէջէն ներկայացումներ եղան Համազգայինի հիմնադրութեան եւ համաշխարհային գետնի վրայ անոր լայնածաւալ գործունէութեան մասին՝ հիմնադրման օրէն մինչեւ օրս:

 

Քանոնի վրայ «Իմ Սիրուն Երեւան» մեկնաբանեց Մեղրի Ունճեան, արժանանալով ներկաներու գնահատանքին:

 

Համազգային Գօլստըն Ճեմարանի երկու աշակերտներ իրենց երախտագիտութեան խօսքերը հնչեցին Ճեմարանի հանդէպ:

 

Համազգայինի խօսքը փոխանցեց Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Գալողլեան: Ան ներկայացուց Համազգայինի հիմնադիրներուն տեսիլքը Հայաստանի անկախացման տասներորդ տարելիցին, ինչպէս նաեւ նկարագրեց Աւստրալիոյ շրջանին մէջ Համազգայինի 55-ամեայ գործունէութեան կենսունակ դերը՝ հայ պատանիին, ուսանողին եւ արուեստագէտին կեանքերէն ներս: Ընկեր Գալողլեան իր գնահատական խօսքը փոխանցեց բոլոր այն նուիրեալ Համազգայնականներուն, որոնք աւելի քան կէս դար ծառայած են մեր դպրոցներէն, պարախումբերէն, երգչախումբերէն, թատերախումբերէն, գրական եւ արուեստի յանձնախումբերէն, ինչպէս նաեւ՝ վարչութիւններէն ներս:

 

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեան փոխանցելու իր խօսքը, որուն մէջ ան շեշտը դրաւ Համազգայինի լայնածաւալ գործունէութեան եւ անոր առաքելութիւնը վառ պահելու կարելիութիւններուն վրայ: Ապա ընկեր Մկրտիչեանի ձեռամբ երկար տարիներո վաստակ ունեցող համազգայնական ընկերներ՝ Յակոբ Զառացեան եւ Հայկազ Պետրոսեան, պարգեւատրուեցան շքանշաններով ու ստացան համապատասխան վկայագիրները:

 

Ձեռնարկի վերջին բաժինով հանդէս եկաւ Համազգայինի Նայիրի երգչախումբը «Երազ իմ երկիր» եւ «Ազգ փառապանծ» երգերով, բուռն խանդավառութեամբ ներշնչելով ներկաները, որոնք մասնակից դարձան երգեցողութեան:

 

Աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեանը իր փակման խօսքով ու պահպանիչով աւարտելու հանդիսութիւնը:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաները առիթ ունեցան մտերմիկ խօսակցութիւններու:

 

Սիլվա Նազարեան

comments

Advertisement