Արդարութեան Տողանցք Սիտնիի Մէջ

By armenia.com.au | Saturday, 04 May 2019

2000ի շուրջ հայորդիներ քալեցին Սիտնիի կեդրոնական թաղամասին մէջ պահանջելով Աւստրալական պետութենէն ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ինչպէս նաեւ արդարութիւն՝ Ցեղասպանութիւնը հերքող Թրքական հանրապետութենէն: Ուշագրաւ էր նաեւ Հայ համայնքի դատապարտումը Վարչապետ Սքոթ Մօրիսընի ետդարձին Ցեղասպանութիւն բառը չգործածելուն համար:

Առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄի փողերախումբին, Արդարութեան Քայլարշաւին մասնակցեցան համայնքի ղեկավարներ, հոգեւորականներ, հայկակական երիտասարդական, բարեսիրական, մարզական,մշակութային եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ, Հայկական վարժարաններու աշակերտներ, հայ ուսանողներ: ՆՍՈւ նահանգի խորհրդարանի անդամներ Տիարք Ալիսթըր Հէնսքընզ եւ Հիւ ՄքՏէրմօթ նաեւ միացան քայլարշաւին, որ սկսաւ Հայտ Փարքի Աղբիւրէն մինչեւ Սըրքիւլըր Քի, ուր գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիր:

Արդարութեան Քայլարշաւը յաւելեալ ուշագրաւ դարձաւ լրատուական հաստատութիւններուն համար շնորհիւ Վարչապետին եւ Ընդդիմութեան ղեկավար Պիլ Շօրթընի կատարած յայտարարութիւններուն, որոնք վիրաւորական էին Հայ համայնքի զաւակներուն համար:

Ապրիլ 24ի գիշերը, Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 104րդ տարելիցի հանդիսութեան Հայ ղեկավարութիւնը մերժած էր բեմէն կարդալ Վարչապետին ուղարկած ցաւակցական նամակը, որուն մեծապէս արձագանքած էին Nine Networkի օրաթերթերը եւ Աւստրալիոյ թիւ մէկ րատիօհաղորդող Ալան Ճօնզը՝ 2GB  րատիօկայանէն: Վարչապետը ընդունած էր որ Կալիփոլիի մէջ Անզաքի Օրուան ոգեկոչումներուն Թուրքիոյ խոչընդոտ հանդիսանալու հարցը իր ազդեցութիւնը ունեցած էր պետութեան Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ դիրքորոշման:

Իր խօսքին մէջ Թալին Մկրտիչեան յայտարարեց. <<Թրքական պետութեան շոշափելի ազդեցութիւնը տարածուած է: 2011ին մեր այսօրուան Վարչապետ Սքոթ Մօրիսընը, վեր կեցաւ Խորհրդարանին մէջ եւ յայտարարեց ' կարեւոր է մեզի համար ճանաչել Ցեղասպանութիւնը': Այս շաբաթ անոր դիրքը փոխուած էր: Յանկարծ ան շատ վախցած էր կրկնելու այն ինչ որ ըսած էր ասկէ առաջ, փոխարէնը ան ըսաւ. 'մենք Թուրք պետութեան հետ կ'աշխատինք ապահովելու համար որ Աւստրալացիք կատարեն իրենց ուխտագնացութիւնը': Այս ինչ յայտարարութիւն է մեր ղեկավարին կողմէ: Ոչ միայն ան ետդարձ ըրաւ  Ցեղասպանութիւնը ճանչնալէն այլ ընդունեց որ ան տեղի տուած էր օտար բռնապետի մը ճնշումին. ոչ որովհետեւ ինք բաւարար տուեալ չունէր ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը այլ որովհետեւ տեղի կու տար Թրքական պետութեան սպառնալիքներուն: Աւստարալիոյ ռազմավարութիւնը կ'որոշէ Աւստրալիան եւ ոչ օտար պետութիւն մը: Պարոն Մօրիսըն անցեալին կարողացած էր Աւստրալական քաղաքականութեան վրայ ազդեցութիւն բանեցնողները դուրս շպրտել, այժմ կը թուի թէ ան տեղի է տուած  անոնց>>:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Արամ Թիւֆէնքճեան նախօրօք արտասանած էր բարի գալստեան իր խօսքը:
Խօսք առաւ Քուրինկայի ՆՍՈւի խորհրդարանի անդամ Ալիսթըր Հէնսքընզ ինչպէս նաեւ Փրոսփէքթի խորհրդարանի անդամ Հիւ ՄքՏէրմօթ, այս վերջինը զօրաւոր կերպով դատապարտեց Վարչապետին ետ դարձը իր խօսքէն:

Գէորգ Վարդանեան եղաւ Հայերէն լեզուով գլխաւոր պատգամաբերը Արդարութեան Քայլարշաւին:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Պատանեկան Միութեան անդամ Սէրլի Պուճիքեան հայերէն լեզուով կարդաց ուղերձ յանուն համայնքի երիտասարդութեան իսկ Ալեք Պօյաճեան՝ յանուն ՀՄԸՄի սկաուոտներուն:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր , երկու երգ հայրենի տաղանդաւոր երգչուհի Մաշա Մնջոյեանի կողմէ, երգ մը Յակոբ Լեւոնեանի կողմէ եւ պար՝ Համազգային Սիտնիի Պարի Անսամբլի կողմէ:

Արդարութեան Քայլարշաւին արձագանքեցին
SBS News, ABC Sydney Radio, 2GB Radio, the Nine Network, Canberra Times, the Newcastle Herald եւ այլ լրատուական հաստատութիւններ որոնք մաս կը կազմեն Australian Associated Pressին:

Հայ դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսէրեան ABC րատիոյի հետ տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. <<Այս տարի յաւելեալ ձեւով խթանուած է քայլարշաւը շնորհիւ Վարչապետ Մօրիսընի ետ ցատկելուն, բան մը որ հպարտութիւն պիտի ներշնչէրողիմպիականի մասնակից ոեւէ մարզիկի: Նախ քան Վարչապետ դառնալը ան կոչ ուղղեց Աւստրալիոյ Պետութեան ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը այնպէս ինչպէս որ է: Այժմ, որպէս Վարչապետ, կը մերժէ գործածել Ցեղասպանութիւն բառը, ընդունելով որ անոր պատճառը օտար բռնապետութեան մը դրած ճնշումն է: Թուրքիան Անզաքի գերեզմանները կը գործածէ սակարկելու համար Աւստրալիոյ դիրքորոշման մասին մարդկային իրաւանց կարեւոր հարցի մը համար: Այս հակա-Աւստրալական է եւ անընդունելի>>:

 

View all VIDEOS of the Sydney #MARCHFORJUSTICE by clicking here.

View Armenia Media's PHOTO ALBUM of the Sydney #MARCHFORJUSTICE by clicking here.


comments

Advertisement