Աւստրալահայութեան Օժանդակութեան Աղբիւրներու Կեդրոնի Գրասենեակի Բացում

By armenia.com.au | Thursday, 09 May 2019



Սիտնի.- Աւստրալահայութեան Օժանդակութեան Աղբիւրներու Կեդրոնի Խնամակալ կազմը գաղութին մեծ ուրախութեամբ  կը յայտարարէ, թէ յետ այսու իր աշխատանքային գրասենակը բաց է, շաբաթական երկու օրերու հերթականուեամբ՝ Երեքշաբթի եւ Հինքշաբթի, կեդրոն ունենալով  Րայտի Արարատ Սկաուտական սրահը (255 Quarry Road, Ryde).

Գրասենեակի աշխատանքի ժամերն են ՝ Առաւօտեան ժամը 10-էն  մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:

Գրասենեակի Գործավար նշանակուած է ՝ Տիկ Սօնիա Արթինեան:

Տիկ Արթինեան վերջին տարիներուն համագործակցած է կառավարական կամաւորական խմբաւորունմերու հետ, որոնց նպատակը եղած է օժանդակել Միջին Արեւելքէն ներգաղաթողները։ Ան մեծապէս օժանդակած է Սուրիահայ եւ Իրաքահայ  գաղթակաները, զանազան աշխատանքներ տառած է տարեցներու համախմբաման եւ ճիգ չէ խնայած անոնց կարիքներու ապահովման:

Աւստրալահայութեան Օժանդակութեան Աղբիւրներու Կեդրոնին (ԱՕԱԿ) նպատակն է բարելաւել Աւստրալահայ գաղութի կազմակերպական կեանքը անոր տրամադրելով հարկ եղած նիւթական եւ ընկերային օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ մասնագիտացած ձեւերով հարկ եղած օժանդակութիւնը տրամադրել Միջին Արեւելքէն Աւստրալիա հաստատուող ընտանիքներուն, որոնք ստիպուած պատերազմի հետեւանքով լքեցին իրենց տուները եւ հասան Աւստրալիա որոնելով աւելի բարեկեցիկ կեանք մը:

Գրասենեակի հետ կապ հաստատելու համար հաճեցէք դիմել Տիկ Սօնա Արթինեանի.

Բջիջային ՝0490 472 6061
Ե նամակ՝ sonia.artinian@arcaustralia.org
Եւ կամ այցելել Աւստրալահայութեան Օժանդակութեան Աղբիւրներու Կեդրոնի կայքէջը ՝ www.arcaustralia.org։

comments

Advertisement