Շաբաթ 18 Մայիսին Յեղափոխական Երգերու Երեկոյ Սիտնիի Մէջ

By armenia.com.au | Wednesday, 15 May 2019





Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի Շաբաթ 18 Մայիս 2019ին Հայ Մշակութային Կեդրոնէն ներս տեղի պիտի ունենայ Յեղափոխական Երգերու երեկոյ մը նուիրուած Հայաստանի Անկախութեան 101-րդ եւ Շուշիի Ազատագրման 27-րդ տարեդարձներուն:

Երեկոն պիտի խնդավառէ յեղափոխական երգերու մեկնաբան, ազատամարտիկ ընկեր Մկրտիչ Մկրտիչեան (Մակիչ):

Յիշենք որ Շաբաթ 25 Մայիս 2019ին ընկեր Մկրտիչ Մկրտիչեան պիտի խանդավառէ Աւստրալահայ գաղութը իր ազգային եւ յեղափոխական երգերով Հայաստանի Առաջին Անկախութեան 101րդ ամեակի նուիրուած պարահանդէսի ընթացքին: 

Տոմսերու համար դիմել թռուցիկի վրայ յիշուած թիւերուն:

comments

Advertisement