ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

By ARF AU | Monday, 20 May 2019


Յարգելի՛ հայրենակիցներ,

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի վերջին շրջանին ու յատկապէս վերջին քանի մը օրերու ընթացքին հայրենիքէն ներս տեղի ունեցող լուրջ մտահոգիչ իրադարձութիւններուն, որոնց լոյսին տակ կու գայ յայտարարելու հետեւեալները.-

Մենք մեծ յոյս ունէինք որ Դեկտեմբերի կատարուած ընտրութիւններէն ետք, հայ ժողովուրդի մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը իր առաւելագոյն ճիգը պիտի թափէր կատարելու հարկ եղածը յանուն ժողովուրդի իղձերուն եւ յանուն արդար ու պայծառ Հայաստանի, սակայն սիրով ու համերաշխութեամբ առաջնորդուելու փոխարէն, հետզհետէ զարգացող ու բեւեռներ ստեղծող ճերմակի ու սեւի աշխատելաոճը եկաւ բազմացնելու մեր մտահոգութիւնները:

Ճիշդ է որ Դաշնակցական տարիներու ղեկավար եւ Արցախեան ազատամարտին նուիրուած ընկեր Հրանդ Մարգարեանի եւ անոր ընտանիքի անդամներուն դէմ կատարուած տմարդի վերաբերմունքը կը վրդովեցնէ մեզ, սակայն անկէ աւելին, մեզի կը վրդովեցնէ հայրենիքէն ներս տիրող անհանդուրժողական մթնոլորտը որ իր գագաթնակէտին հասած է եւ կրնայ առաջնորդել անցանկալի հետեւանքներու:

Եթէ մենք՝ որպէս առողջ հասարակութիւն կը ջանանք իրապէս ժողովրդրավարացնել մեր երկիրը, առաջինը որպէս երկրի ղեկավարութիւն ընդունելու ենք թէ մեր տեսակէտներէն զատ այլ առողջ տեսակէտներ կրնան գոյութիւն ունենալ եւ պէտք է վարուիլ անոնց հետ յաւելեալ լրջութեամբ եւ յարգանքով:

Ճիշդ է որ փտածութեան դէմ պայքարը կարեւոր ու առողջ հարց է, սակայն ան պէտք չէ ըլլայ մեր միակ առաջնահերթութիւնը, որովհետեւ որպէս պատերազմի մէջ գտնուող երկիր ունինք նոյնքան էական ու հրատապ հարցեր, ինչպէս Հայաստանի անվտանգութեան ու սահմանամերձ շրջաններու պաշտպանութիւն, ժողովրդավարութեան ամրապնդում, ղեկավարման օրէնսդիր, գործադիր ու դատական մարմիններու կատարեալ տարանջատում, ժողովուրդի ընկերային հարցերու լուծումներ, եւայլն:

Առ այդ, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նկատմամբ տեղի ունեցած արարքներն ու ցեխարցակումը եւ կոչ կ'ուղղէ Հայաստանի իշխանութիւններուն, որպէս գործադիր մարմին առաջքը առնեն նման մոլեգին արարքներուն, որոնք միայն կը ծառայեն մեր ազգի պառակտման եւ մեր ազգն ու հայրենիքը անորոշութեան առաջնորդելու, միաժամանակ մենք բացարձակապէս անընդունելի կը նկատենք գործադիր իշխանութեան մխրճուիլը դատական իշխանութեան աշխատանքներուն եւ կոչ կ’ուղղենք հայրենի իշխանութեան, որ որպէս երկրի կառավարող բարձրագոյն մարմին, ըլլան զգաստ եւ օրէնքը ու երկրի սահմանադրութիւնը գերադասեն ընդհանրական հարցերէն ու առաջնորդեն մեր երկիրը դէպի յաւելեալ զարգացում, բարգաւաճում եւ իսկական ժողովրդավարութիւն:

 

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ

comments

Advertisement