Երեւանի Պետական Համալսարանի Տնօրէն Արամ Սիմոնեան Հրաժարական Տուաւ

By Asbarez | Friday, 24 May 2019

0524aramsimonian

ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) տնօրէն Արամ Սիմոնեան հրաժարական տուաւ: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին միջոցով տեղեկացուց ԵՊՀի հասարակայնութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան պետ Գէորգ Էմին Տէրեան:

Յիշեցնենք, որ Մայր համալսարանին մէջ անոր հրաժարականի պահանջով բազմաթիւ ցոյցեր տեղի ունեցած էին, անոր հրաժարականի անհրաժեշտութեան մասին խօսած էր նաեւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան:

Արամ Սիմոնեան ԵՊՀի տնօրէն ընտրուած էր Մայիս 2006ին եւ 2011ին վերընտրուած էր նոյն պաշտօնին։

comments

Advertisement