Աւստրալիոյ ՀՕՄի Շրջանային Վարչութիւն Նշեց ՀՕՄի Օրը

By armenia.com.au | Saturday, 01 June 2019

 

 

300ի շուրջ ՀՕՄուհիներ, հանդիսատեսներ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, հայկական հոգեւոր, քաղաքական, լրատուական, մշակութային, կրթական, մարզական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ հաւաքուած էին North Ryde School of Arts Community Centre տօնակատարելու համար ՀՕՄի օրը, որ աւանդութիւն դարձած է եւ որուն ընթացքին Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւնը հակիրճ հաշուետուութիւն մը կու տայ ժողովուրդին իր տարած միամեայ գործունէութեան մասին եւ կը պարգեւատրէ իր այն ընկերուհիները, որոնք անընդմէջ եւ անսակարկ իրենց ծառայութիւնը կատարած են ոչ միայն ՀՕՄին այլ նաեւ հայկական զանազան կազմակերպութիւններուն:
Սակայն այս տարի այլ պարգեւատրելի անձնաւորութիւն մը ներկայ էր այս հաւաքին յանձին Նիւ Սաութ Ոէյլզի նահանգապետուհի Օրիորդ Գլատիս Պէրէճիքլեանին:

ՀՄԸՄի փողերախումբի առաջնորդութեամբ ներս առաջնորդուեցաւ Նահանգապետուհին ժողովուրդի բուռն ծափողջոյններուն արժանանալով ընկերակցութեամբ ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհիին՝ Ընկերուհի Նորա Սեւակեանին եւ փոխ ատենապետուհիին ընկհ Սիւզի Սիմոնեանին:

Շեփորախումբը նուագեց Աւստրալիական եւ Հայաստանի քայլերգները ապա երգուեցաւ ՀՕՄի քայլերգ « Մենք Ուխտեալներ»ը: Հանդիսավարուհի Սօնիա Պետրոսեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք բեմ բարձրացաւ Հալէպահայ հանրածանօթ կիթառիստ Սագօ Տէյիրմէնճեան, որ իր սպանական կիթառով երկու գեղեցիկ սպանական նուագներով հմայեց ներկաները:

Ատենապետուհի Սեւակեան բեմ հրաւիրուեցաւ արտասանելու համար իր սրտի խօսքը եւ ներկայացնելու նահանգապետուհին: Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ թէ Հայ կնոջ պարտականութիւնն է մեր աւանդութիւններու պահպանումը: 21րդ դարու ազատագրուած Հայ կինը դեռ շատ ճամբայ ունի կտրելիք իր խօսքը տիրական դարձնելու համար մեր գաղութին մէջ: Սակայն մենք զմեզ հպարտ գաղութ պէտք է որակենք որովհետեւ մեր նահանգը ունի առաջին կին նահանգապետուհին յանձին Օրդ Գլատիս Պէրէճիքլեանի: ՀՕՄի երկար տարիներու անդամ Գլատիս Պէրէճիքլեանով մենք կը պարծենանք, ան պարծանք է ոչ միայն Աւստրալիոյ այլ նաեւ աշխարհացրիւ հայութեան համար:
Նահանգապետուհին տուաւ իր պատգամը սահուն Հայերէնով: Ան ըսաւ « ՀՕՄի օրը պէտք է նուիրենք հազարաւոր ՀՕՄուհիներուն եւ զիրենք յիշենք իրենց նուիրումին համար, անոնք ջահը վառ պահեցին եւ փոխանցեցին սերունդէ սերունդ: 16 տարիէ ի վեր ես քաղաքական աշխատանքի մէջ եմ եւ նեցուկը ունիմ ՀՕՄին: Եթէ ՀՕՄուհին զիս չընդունէր իր գրկին մէջ ես չէի ըլլար հոն ուր որ եմ այժմ»: Շրջանային Վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր որ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամները իրենց հարցումները ուղղէին նահանգապետուհիին: Նահանգապետուհին պատասխանեց բոլոր հարցումներուն զորս կրնանք ամփոփել հետեւեալ ձեւով.
« Իմ մաս կազմելովս ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան շահած եմ ինքնավստահութիւն եւ ժողովական կեանքի մէջ ձեռներէցութիւն: Ժողով վարելը ես այնտեղ սորվեցայ: Ժողովական կեանքի այս փորձառութիւնս մեծ օգուտ ունեցաւ ինծի ապագայի գործունէութեանս մէջ: Այնտեղ նաեւ սորվեցայ թէ ինչպէս զոհողութիւն կարելի է ընել, ինչպէս ուրիշը հասկնալ: Այսօր իմ կեանքս այդ է եւ ես իմ նահանգիս զոհողութիւն ընելով է որ զայն կ'արժեւորեմ: Չզղջացի երբ թողուցի դրամատան մէջ իմ գործս եւ որոշում առի քաղաքականութեան մէջ մտնել: Շատ դժուար որոշում էր: Սակայն մտածեցի որ օր մը չզղջամ թէ դժուար ճամբան չէի ընտրած եւ դիւրինով գոհացած էի: Իմ խորհուրդս է երիտասարդ սերունդին, որ մարդ պէտք է ընդունի այն ինչ որ կեանքը իրեն կը հրամցնէ: Այն ինչ կը վերաբերի ապագային՝ ես անոր մասին շատ չեմ մտածեր, մէկ բան գիտեմ որ գործդ լաւ պէտք է ընես, խղճմտանքով եւ անսակարկ, այլապէս ապագայ չես ունենար»:
Նահանգապետուհին իր պատասխաններուն մէջ շեշտ դրաւ լաւատեսութեան հանգամանքին վրայ: « Լաւատեսութիւնն է որ քու ճամբադ կը բանայ, ես միշտ լաւատես եղած եմ եւ այդպէս յառաջ գացած»: Նահանգապետուհիին տուած խորհուրդները վստահաբար պիտի քաջալերեն մեր երիտասարդները քալելու Գլատիսի ճամբով եւ նոր Գլատիսներ պիտի ուրուագծուին Աւստրալահայ գաղութի երկնակամարին վրայ:

«Սարերի Հովին Մեռնեմ» պարով հանդէս եկան Սիտնի պարի Անսամբլի պատանի պարողներ Լուսինէ Նազարեան եւ Էլէնա Մարգարեան, որոնք արժանացան հանդիսատեսներու գնահատանքին:

Երեք ՀՕՄուհիներ՝ Ընկերուհիներ Յասմիկ Զառացեան, Արշալոյս Թահմիզեան եւ Արշալոյս Մանճիկեան իրենց յիսունէ աւելի տարիներու ծառայութեանց համար պարգեւատրուեցան ՀՕՄի շքանշանով: Կարդացուեցաւ իւրաքանչիւրին կենսագրականը, որուն ընդմէջէն ի յայտ եկաւ իւրաքանչիւրին տարած հսկայածաւալ աշխատանքը ըլլայ ՀՕՄին, Համազգայինին, Միօրեայ վարժարաններուն, ՀՅԴին եւ Հայ մշակոյթին, Հայրենիքին ընդհանրապէս:

Շրջանային Վարչութիւնը նաեւ գեղեցիկ գաղափար յղացած էր Հայ նշանաւոր Կիներու մասին տեղեկութիւն տալ հանդիսատեսներուն: Փոխն ի փոխ Վարդի Սաճոնեանի, Նայիրի Քէլլէյեանի, Դալար Փամպուքեանի եւ Նանոր Շուկայեանի կողմէ ընթերցուեցան հեւեւեալ Հայ կիներու մասին կենսագրական ծանօթութիւններ, որ հանդիսատեսներու շատերուն համար նոր գիտելիք էր: Այս նշանաւոր հայուհիներն են.
- Զապէլ Եսայեան, գրագիտուհի եւ արդարութեան խօսնակ, կիներու իրաւունքներու առաջին Հայ պաշտպաններէն մին,
-Տիանա Աբգար, Հայաստանի Ա Հանրապետութեան հիւպատոս Ճաբոնի մէջ, գրագիտուհի եւ բանաստեղծուհի,
-Աննա Տէր Վարդանեան Ամերիկեան նաւատորմի մէջ առաջին կին բարձրաստիճան զինուրական հրամանատարը
-Սրբուհի Էլլայաս – Նոր Զելանտայի այժմու ընդհանուր դատախազ
-Զարուհի Գաւալջեան – Թուրքիոյ առաջին կին բժշկուհին
-Մումթազ Մահալ (Աճումանտ Պանու Պէկում) – 17րդ դարու Հնդկաստանի թագաւորին կինը, ծագումով Հայ, որուն յիշատակին կառուցուած է նշանաւոր Թաճ Մահալը:
-Ալենուշ Տէրեան – Պարսկաստանի առաջին աստղագէտը, որ Պարսիկներուն համար կը նկատուի Իրանի աստղագիտութեան մայրը:

Գեղարուեստական յայտագրի գործադրութիւնը շարունակուեցաւ Շալախօ պարով որ գեղեցկօրէն մեկնաբանեցին էլէնա Գասապեան եւ Լեւոն Մէլիք Վարդանեան:

Իր ազգաշունչ ասմունքով ներկաները հմայեց Ֆրանսուա Փամպուքեան արտասանելով Ցեղին Փառքը:

Տաղանդաւոր Մակի Պատէլեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Հրայր Պատէլեանի, մեներգեց Մարտիկի երգը, որով հանդիսատեսը կարօտը զգաց իր «Մայր թանկագին»ին:

Աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Հայաստանի վաստակաւոր արտիստ եւ ազատամարտիկ Մկրտիչ Մկրտիչեանը՝ Մակիչ, որ իր առինքնող հարուստ ձայնով երգեց« Մեր Հայոց Լեզուն» եւ «Հոռովել»ը այսպիսով գագաթնակէտին հասցնելով երեկոն:

Հանդիսավարուհին բեմ հրաւիրեց Սրբազան Հայրը տալու իր պատգամը եւ Պահպանիչով փակելու ձեռնարկը: Սրբազան հայրը, որ միշտ նեցուկ է կանգնած ՀՕՄի գործունէութեան, յատկանշական նկատեց ՀՕՄի ծննդեան թուականը եւ ըսաւ թէ ինչ զարմանահրաշ ծնունդ էր ան: Ան հարց տուաւ թէ ո՞վ պիտի զբաղէր Կիլիկիայով, Հայոց Ցեղասպանութենէն հազիւ ճողոպրած Հայ որբով, ո՞վ պիտի խնամէր Ա. Հանրապետութիւն ապաստանած որբերը, եթէ չըլլար ՀՕՄը: « ՀՕՄուհիները ամէն տեղ են Սփիւռքի մէջ» ըսաւ Սրբազանը, « եւ այդ իրենց նուիրումին արդիւնքն է»: Շնորհաւորեց եզակի աշխատանք տարած Հօմուհիները, որոնք արդարօրէն գնահատուեցան այս գիշեր, զանոնք կոչելով ռահվիրաներ, որոնց օրինակով է որ պիտի գործեն ՀՕՄի փաղանգները: Անոնք կառչած ՀՕՄի աւանդութեանց ՀՕՄի շունչով պիտի դաստիարակեն գալիք ՀՕՄի սերունդները: Խօսելով Գլատիս Պէրէճիքլեանի արժանիքներուն մասին Սրբազան Հայրը զայն անգամ մը եւս որակեց Ադամանդեայ Տիկին, իր ադամանդակուռ նկարագրին համար եւ իր տարած հսկայ աշխատանքին համար յօգուտ Աւստրալիոյ եւ ի փառս Հայ ժողովուրդին:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Սրբազան Հօր օրհնութեան խօսքով եւ Պահպանիչով:

Յաւարտ ձեռնարկին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Տարի մը եւս Աւստրալիոյ ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը , հանրութեան ներկայացաւ բարձրորակ գեղարուեստական յայտագրով նուիրուած ՀՕՄի Օր-ին:

Ամբողջական նկարները դիտելու համար այցելեցէք՝ հետեւեալ կայքէջը:

comments

Advertisement