Համազգայինը Աւստրալիոյ Մէջ Կանմահացնէ Յովհաննէս Թումանեանի Ծննդեան 150 Ամեակը

By armenia.com.au | Monday, 01 July 2019



Սիտնի.-
Կիրակի 23 Յունիս, 2019-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան «Գրական-գեղարուեստական» Յանձնախումբին կազմակերպած՝ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150 ամեակին նուիրուած գրական երեկոն:

Զենիթ հանդիսասրահը կը յորդէր աւելի քան 250 հանդիսատեսներէ, որոնք հաւաքուած էին անգամ մը եւս անմահացնելու Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանը, անոր ծննդեան 150 ամեակին առթիւ:

Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան Գրական-Գեղարուեստական Յանձնախումբը անգամ մը եւս կու գար Սիտնիի Հայ համայնքին ներկայացնելու բծախնդրօրէն պատրաստուած գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր մը, որուն ընդմէջէն հանդիսատեսը պիտի ծանօթանար Թումանեան մարդուն, հայասէրին, բարի նկարագրի տէր, վճռակամ եւ անձնազոհ անձին, փիլիսոփայ բանաստեղծին:

Հանդիսավարութիւնը վստահուած էր երկու խոստմնալից մտաւորական երիտասարդներու՝ Մանուկ Կոտոյեանին եւ Մոսիկ Ինճէճիկեանին, որոնք կատարելէ ետք բացման եւ բարի գալստեան խօսքերը նաեւ մասնակից դարձան կատարումներուն ասմունքելով Թումանեանի քերթուածներէն եւ քառեակներէն, պատմելով անոր կեանքի դրուագներուն մասին: Կոտոյեան եւ Ինճէճիկեան հարազատօրէն կատարեցին «Զրոյց Թումանեանի եւ Կոմիտասի միջեւ», վերակենդանացնելով Կոմիտասի Թիֆլիսի մէջ տարած աշխատանքը եւ Թումանեանի ցուցմունքները թիֆլիսահայ կեանքին մասին:

Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Համազգայինի ամենօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարանները: Թումանեան Շաբաթօրեայ Վարժարանի աշակերտուհի՝ փոքրիկն Ադէլին Գալստեան համարձակութեամբ եւ ճիշտ առոգանութեամբ արտասանեց Թումանեանի «Մի Բաց նամակ Ամէնքին» բանաստեղծութիւնը: Նոյն վարժարանի աշակերտուհի՝ Լուսինէ Օգանեսեան, կիթառի ընկերակցութեամբ Լեւոն Մելիք-Վարդանեանի, արտասանեց Թումանեանի «Ամենից Լաւ Տունը» հանրածանօթ բանաստեղծութիւնը: Կոմիտասի երաժշտութիւն եւ խօսք Թումանեանի՝ «Կաքաւիկ»ը երգեցին Թումանեան Վարժարանի Մանկական Երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Աղունիկ Մարգարեանի:

Համազգային Թարգմանչաց Շաբաթօրեայ Վարժարանի աշակերտներ ներկայացուցին «Մի Կաթիլ Մեղր» աշակերտական թատրոնը, որակաւոր խաղարկութեամբ: Գօլստըն Ճեմարանի ուսանող եւ յաճախ Սիտնիի բեմերէն ասմունքող՝ Կարօտ Վարժապետեան ասմունքեց Թումանեանի «Հին Օրհնութիւն»ը: Համազգայինի Սիտնի Պարի Անսամբլը ներկայացուց «Մոկաց Հարսներ»ը: Համազգայինի Նայիրի Երգչախումբը գեղարուեսատական ղեկավար Մարկարէթ Փորթըրի առաջնորդութեամբ երգեց «Անուշ»էն մասեր իսկ «Անուշ»ի պատմութիւնը ներկաներուն ներկայացուց  Մարինա Աւագեան-Չափրազեանը:

Իրենց բաժինը բերած էին նաեւ Համազգայինի «Նուպար Խաչատուրեան» թատերախումբի դերակատարները, որոնք թատերական հմտութեամբ ներկայացուցին Թումանեանի «Քէֆ Անողին Քէֆ Չի Պակսիր»ը եւ արժանացան ներկաներու բուռն ծափահարութեանց:

«Առանց Քեզ» եւ «Հայրենիքիս Հետ» երգերով ելոյթ ունեցաւ հայրենի երգչուհի՝ Մաշա Մնջոյեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Հրանդ Պէօճիկեանի: Ներկաները, ձայնակցելով երգչուհիին միասնաբար երգեցին Հայրենիքիս Հետը իրենց յոյսը վառ պահելով «նոր հայրենիքին եւ հզօր հայրենիքին» վրայ: Մաշան երկու տարուան համար Սիտնի կը գտնուի կատարելագործելու համար իր երաժշտական ուսումը: Զինք յաճախ կը տեսնենք հայկական բեմերուն վրայ:

Բեմ հրաւիրուեցաւ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմին Առաջնորդ Տէր Հայկազուն Արքեպիսկոպոս Նաճարեան, որ կը հովանաւորէր ձեռնարկը: Կատարելով փակման խօսքն ու աղօթքը, ան շնորհաւորեց Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը  այսպիսի գեղեցիկ յայտագիր պատրաստելուն համար, դրուատեց կազմակերպիչ Գրական-Գեղարուեստական յանձնախումբի տարած հոյակապ աշխատանքը, յայտագրին մասնակիցները, գնահատեց Թումանեանը արժեւորող 250 հանդիսատեսները եւ Սիտնիի հայկական համարեա բոլոր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները: Սրբազան Հայրը յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցեց Ամենայն Հայոց հանճարեղ բանաստեղծին մասին,  ամբողջացնելով Թումանեանի մասին փոխանցուած ճոխ տեղեկութիւնները: Երեկոն իր լրումին հասաւ Սրբազան Հօր Պահպանիչով:

comments

Advertisement