Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Ղեկավարներու Որակաւորման Սեմինարը Աւարտեց իր Աշխատանքները

By armenia.com.au | Friday, 05 July 2019



Սիտնի.- Շաբաթ եւ Կիրակի, 29-30 Յունիս 2019-ին, Համազգայինի «Գօլստըն» Ճեմարանէն ներս, տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած «Ղեկավարներու Որակաւորման» սեմինարը: Յիշեալ Սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Սիտնիի Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան մասնաճիւղերու վարչութիւններն ու Պատանեկան Միութեան մասնաճիւղերու վարիչ կազմերը:

Սեմինարին մասնակցող ընկերները ունկնդրեցին այլազան օգտաշատ դասախօսութիւններ, որոնք ներկայացուեցան հիւր դասախօսներ` Գէորգ Թիւֆէնքճեանի, Շանթ Սողոմոնեանի, Հայկ Գայսէրեանի եւ Քայլար Միքայէլեանի կողմէ: Նշենք, որ սոյն դասախօսները, անցեալին ե՛ւ ներկայիս, Աւստրալահայ գաղութէն ներս թէ դուրս ստանձնած են ղեկավարի պաշտօններ: Դասախօսոթիւնները կ’ընդգրկէին ղեկավարութեան առնչուող զանազան նիւթեր, ղեկավարութեան գործիքներու մասին տեղեկութիւններ եւ ռազմավարութեան ու ղեկավարի յատկութիւններուն շուրջ կարծիքներ:

Սեմինարի օրակարգը կ’ընդգրկէր նաեւ խմբային աշխատանքներ, որոնց միջոցաւ մասնակիցները, յառաջիկայի ծրագիրներու իրկանացման համար, ներկայացուցին նոր գաղափարներ եւ ռազմավարութիւններ:

«Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած սեմինարին նպատակն էր զարգացնել զոյգ միութիւններուն ներկայ առաջնորդները՝ գաղութիս ապագայի ղեկավարները, այնպիսի ղեկավարական հմտութիւններով, որոնք կարելի է օգտագործել իրենց ներկայի առաքելութեան եւ անձնական կեանքին մէջ», յայտնեց Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Արամ Թիւֆէնքճեանը:

«Մեր խորին շնորհակալութիւնը կ’ուզենք յայտնել բոլոր մեր հիւր դասախօսներուն, որոնք իրենց սուղ ժամերէն տրամադրեցին, բաժնելու իրենց փորձառութիւնը մեր անդամներուն հետ: Մասնակցողները իսկապէս օգտուեցան անոնց գաղափարներէն»:

«Յատկանշական էր, իրենց մասնաճիւղերու աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն շուրջ մասնակցողներու ունեցած հեռանկարը: Յոյսով ենք, որ մեր ստացած նոր գաղափարներն ու տպաւորութիւնները կը նպաստեն յառաջիկայի մեր ծրագիրներու յաջողութեան եւ իրականացման», եզրափակեց Թիւֆէնքճեան:

comments

Advertisement