Մելպուրնի մէջ Հայ Դատի գաղութային հաւաք այս Հինգշաբթի

By armenia.com.au | Monday, 08 July 2019



Մելպուրն.- Հ
ինգշաբթի, 11 Յուլիս 2019-ին, Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Մելպուրնի մասնաճիւղը կազմակերպա
ծ է գաղութային հաւաք մը, որուն ընթացքին պիտի բանախօսէ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեանը:

Գայսերեան պիտի ներկայացնէ Աւստրալիոյ քաղաքականութեան մէջ հայերուն հետ առնչութիւն ունեցող հարցերու մասին` ինչպէս Աւստրալիա-Հայաստան եւ Աւստրալիա-Արցախ յարաբերութեանց, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու Արցախի հետ կապուած վերջին նորութիւնները:

Հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 11 Յուլիս, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ կեդրոնէն (Police Rd, Springvale) ներս:

comments

Advertisement