Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Գալէ Պատանիները կը մասնակցին Գէորգ Չաւուշ բանակումին

By armenia.com.au | Wednesday, 10 July 2019



Սիտնի.- Ուրբաթ եւ Շաբաթ, 6-7 Յուլիս 2019-ին, Համազգայինի «Գօլստըն» ճեմարանէն ներս, տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Պատանեկան Միութեան Հիւսիսային Սիտնիի «Գալէ» մասնաճիւղի ձմեռնային բանակումը: Սոյն բանակումը նուիրուած էր 1907-ին տեղի ունեցած Սուլուխի կռիւին եւ կոչուած` կռուի գլխաւոր հերոս Գէորգ Չաւուշի անունով: Նշենք, որ բանակումին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան երեսուն պատանիներ:

«Գէորգ Չաւուշ» բանակումի ընթացքին, պատանիները մանրամասն տեղեկացան Սուլուխի պատմական կռուին մասին եւ ծանօթացան կռուի հերոս Չաւուշին: Երկօրեայ բանակումի դաստիարակչական ծրագիրը կ’ընդգրկէր դասախօսութիւններ, երգի եւ պարի ուսուցում, ինչպէս նաեւ խմբային աշխատանքներ եւ խաղեր:

Դասախօսութիւններու ընդմէջէն, պատանիները յատուկ պատկերացում ունեցան, երկամեայ դրութեամբ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան «Երիտասարդական Ճամբար»-ին մասին, որը հետաքրքրական ձեւով ներկայացուեցաւ անոնց վարիչներուն եւ անցեալի ճամբարներուն մասնակցողներու կողմէ:

Երգի եւ պարի ուսուցման օրակարգերով, պատանիները սորվեցան Սուլուխի կռիւին երգը եւ կարնոյ «Քոչարի» պարը:

Բանակումի աւարտին, պատանիներուն ծնողները հրաւիրուած էին ներկայ գտնուելու խարուկահանդէսին, որուն ընթացքին պատանիները ներկայացուցին բանակումին իրենց պատրաստած զաւեշտները:

«Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք մեր պատանիներուն, որոնց մասնակցութեամբ ունեցանք օգտաշատ եւ յաջող բանակում մը: Կ’ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել նաեւ պատանիներու ծնողներուն, տարեշրջանի սկիզբէն իրենց ցուցաբերած աջակցութեան եւ քաջալերանքին համար: Մեծապէս խանդավառուած եւ անհամբեր ենք իրականացնելու յառաջիկայի մեր ծրագիրները», յայտնեց բանակումի մասնակցող վարիչներէն՝ Վարդօ Զէյթունեան:

comments

Advertisement