Աւստրալիոյ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Երիտասարդներուն Յաջող Ձեռնարկը

By armenia.com.au | Wednesday, 10 July 2019



Սիտնի.- Կիրակի, 7 Յուլիս 2019-ին, Ուիլուպիի Հայ Մշակութային կեդրոնէն ներս,  տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ Քարէն Եփփէ ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Երիտասարդաց Յանձնախումբին կազմակերպած նախաճաշը:

Աւելի քան 140 ներկաներ՝ բարերաներ, հին ճեմարականներ, բարեկամներ եւ ընկերներ  վայելեցին համեղ «Ֆուլ»ն ու հալէպական «Զլէպիէն», որ պատրաստուած էին Երիտասարդաց յանձնախումբին կողմէ:

Համեղ նախաճաշին կողքին հայկական-ժողովրդական երգերու սփռումը ստեղծեց հաճելի մթնոլորտ:

Աւստրալահայութիւնը իր պարտաճանաչ ներկայութեամբ, անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, թէ ան միշտ պատրաստ է նեցուկ կանգնելու հայկական կրթական օճախներուն:

Շնորհիւ Երիտասարդաց Յանձնախումբին եւ վարչութեան օգնական անդամներուն անսակարկ ու ժրաջան աշխատանքին, ինչպէս նաեւ բարերարներու աջակցութեան  ձեռնարկը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ:

comments

Advertisement