Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Մասիս Մայիլեան Պիտի Գլխաւորէ Աւստրալիա Այցելող Արցախեան Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւնը

By armenia.com.au | Saturday, 20 July 2019



Սիտնի.- Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Մասիս Մայիլեան պիտի գլխաւորէ Աւստրալիա այցելող Արցախեան բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը: Ան Սիտնի պիտի ժամանէ Արցախեան խորհրդարանի անդամ՝ Դաւիթ Իշխանեանի եւ Արցախի Արտաքին Գործոց նախարարութեան պաշտօպակատար՝ Արտակ Նէրսիսեանի ընկերակցութեամբ, յայտարարեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը:

Պատուիրակութիւնը Հայ Դատի Յանձնախումբին ընկերակցութեամբ հանդիպումներ պիտի ունենայ Աւստրալիոյ քաղաքական ղեկավարներու հետ, Սիտնիի եւ Քամպերայի մէջ:

«Պատուիրակութեան ժամանումը կարեւոր եւ իւրայատուկ առիթ պիտի ստեղծէ Աւստրալահայութեան, լաւապէս ներկայացնելու Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը` Աւստրալիոյ քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ մտաւորական ղեկավարներուն», յայտնեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան:

Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Աւստրալահայ գաղութին հետ Սիտնիի եւ Մելպուրնի մէջ, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան գրասենեակի կողմէ կազմակերպուած գաղութային հաւաքներու ընթացքին:

Անոնք պիտի գտնուին «Willoughby Uniting Church»-ի (10 Clanwilliam Street, Willoughby) մէջ, Հինգշաբթի, 1 Օգոստոս 2019-ի երեկոյեան ժամը եօթին, ինչպէս նաեւ Մելպուրնի Հայ Կեդրոնէն (8-14 Police Road, Springvale) ներս, Շաբաթ, 3 Օգոստոս 2019-ի երեկոյեան ժամը եօթին:

«Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարար Պր. Մայիլեանի հետ հանդիպումը Սիտնիի եւ Մելպուրնի Հայութեան համար աննախադէպ առիթ է», յայտնեց Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ՝ Քայլար Միքայէլեան:

«Պր. Մայիլեան, Պր. Իշխանեան եւ Պր. Նէրսիսեան կը ներկայացնեն Ստեփանակերտէն Աւստրալիա այցելող ամենա-բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը: Մեր ակնկալութիւնն է որ Աւստրալահայութիւնը օգտագործէ կազմակերպուած այս երկու առիթները, թիկունք կանգնելու Արցախահայութեան՝ ժողովրդավարութեան, ազգակերտման եւ ինքնորոշման իրաւունքի ի խնդիր իրենց մղած պայքարին առնչութեամբ», աւելցուց Միքայէլեան:

Մասիս Մայիլեան աւարտած է Արցախի պետական համալսարանի թուաբանութեան եւ բնագիտութեան բաժանմունքը: Ուսանած է ընկերային հոգեբանութիւն, Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան»-ի անուան պետական հոգեբանական համալսարանին մէջ, ապա աւարտած է Վիեննայի դիւանագիտական ակադեմիան:

Մայիլեան հեղինակն է «Ղարաբաղեան խաղաղութեան գործընթացքը - Հայացք Արցախէն» գիրքին, որ հրատարակուած է 2016 թուականին: Ան Արցախի Արտաքին գործոց նախարար նշանակուած է 2017-ին, տարիներու ընթացքին երկրի դիւանագիտական աստիճանները բարձրանալէ ետք:

Դաւիթ Իշխանեան Արցախեան խորհրդարանի անդամ է եւ ղեկավար Արցախեան խորհրդարանի երկրորդ ամենամեծ «Դաշնակցութիւն» խմբակին: Քաղաքականութեան ասպարէզը մտած է Արցախեան պատերազմէն ետք, որուն ընթացքին յայտնի հրամանատար էր: Զինադադարէն առաջ ան կը վերադառնայ ուսուցչութեան ասպարէզին եւ կը ստանձնէ Աշանի երեկրորդական վարժարանի տնօրէնութիւնը: Իշխանեան ունի պատմութեան եւ օրէնքի պսակաւոր արուեստից վկայական:

Արտակ Նէրսիսեան կը գլխաւորէ Արցախի Արտաքին Գործոց նախարարութեան տեղեկատուական եւ հանրային յարաբերութեանց բաժանմունքը:

comments

Advertisement