Սկսած Է Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարի Աշխատանքային Այցելութիւնը Աւստրալիա

By armenia.com.au | Wednesday, 31 July 2019



Սիտնի.- Սկսած է Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութեան աշխատանքային այցելութիւնը Աւստրալիա` Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէրով:

Պատուիրակութեան կազմին մէջ է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան: Այցելութեան շրջագիծին մէջ նախատեսուած են շարք մը հանդիպումներ Աւստրալիոյ պետական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքային կառոյցներու եւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներու հետ:

Կիրակի, 28 Յուլիսին, Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի առաջնորդ Հայկազուն արք. Նաճարեանի հետ: Նոյն օրը Սիտնիի Հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է  պատուիրակութեան անդամներուն հանդիպումը հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ. հանդիպումին ընթացքին Մասիս Մայիլեան ներկայացուցած է Արցախի անկախ եւ ժողովրդավարական պետականաշինութեան հոլովոյթին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումները:

Այս շրջագիծին մէջ ան կարեւոր նկատած է հայկական սփիւռքի ներդրումը երկրորդ հայկական պետութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ: Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Արցախի միջազգային ճանաչման եւ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթներուն:

Այնուհետեւ Մասիս Մայիլեան եւ Դաւիթ Իշխանեան պատասխանած են ձեռնարկի մասնակիցներուն բազմաթիւ հարցումներուն: Հանդիպումներուն կը մասնակցէին նաեւ Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ՝ Քայլար Միքայէլեան եւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսէրեան:

29 Յուլիսին պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Աւստրալիոյ Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու առաջնորդներուն հետ, ինչպէս նաեւ Աւետարանչական ընկերակցութեան Աւստրալիոյ մասնաճիւղի ատենապետին հետ։ Մասիս Մայիլեան անդրադարձած է հանդիպման կարեւորութեան, որը հնարաւորութիւն կու տայ մտքեր փոխանակել Արցախի հետ Աւստրալիոյ համայնքի կապերու զարգացման եւ համատեղ ծրագրերու իրականացման շուրջ։

Յիշեալ օրը, Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անդամները այցելած են Սիտնիի «Համազգային Արշակ եւ Սոֆի Գօլստըն ճեմարան», ու ծանօթացած կրթօճախի պայմաններուն եւ գործունէութեան։

Ճեմարանը, պատուիրակութեան ի պատիւ կազմակերպած էր հանդիսաւոր միջոցառում, որուն ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Մասիս Մայիլեանն ու Ազգային ժողովի պատգամաւոր՝ Դաւիթ Իշխանեանը։ Պատուիրակութիւնը այցելած է  նաեւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան «Ալեքսանտր» վարժարանը:

Նոյն օրը, Աւստրալիոյ «Հայ Դատի» յանձնախմումբին գրասենեակին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցած է պատուիրակութեան եւ յանձնախումբի անդամներուն միջեւ, որուն ընթացքին կողմերը քննարկած են իրականացուելիք համատեղ ծրագրերը:

Երեկոյեան «Համազգային Արշակ եւ Սոֆի Գօլստըն ճեմարանի» սրահին մէջ, Աւստրալիոյ մէջ գործող մօտ երկու տասնեակ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ հոգեւոր առաջնորդներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր ընդունելութիւն։

comments

Advertisement