Կազմուեցաւ Արցախի Աւստրալացի Բարեկամներ Խմբակցութիւնը

By Asbarez | Friday, 02 August 2019

0802Australia Artsakh

ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 1 Օգոստոսին կազմուեցաւ Արցախի Աւստրալացի Բարեկամներ խմբակցութիւնը, որուն առ այժմ մաս կը կազմեն 40 յայտնի քաղաքական պաշտօնատարներ, մտաւորականներ ու կրօնական առաջնորդներ։

Խմբակցութեան մաս կը կազմեն նաեւ նահանգային ղեկավարներ եւ խորհրդարանականներ, ինչպէս նաեւ քաղաքապետներ եւ քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ, և մտաւորականներ։

«Լեռներ շարժել» (#MOVINGMOUNTAINS) լօզունգով հրապարակ իջած այս խմբակցութեան կազմութիւնը յայտարարուեցաւ Աւստրալիա այցելող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի, Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութենէն Արտակ Ներսիսեանի եւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունեցած միջոցառման ընթացքին։

Նախարար Մայիլեան ողջունեց խմբակցութեան կազմութիւնը, զայն երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման նպաստող քայլ մը համարելով։

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Հայկ Գայսէրեան եւս դրուատեց այս քայլը:

Խմբակցութեան մէջ կան Աւստրալիոյ հաղորդակցութեան նախարար Փօլ Ֆլեչըր, նախարար ու փոխ-գանձապետ Մայքըլ Սուքըր, ընդդիմութեան ներքին գործոց նախարար Քրիսթինա Քենըլի եւ ընդդիմութեան երկրագործութեան նախարար Ճօէլ Ֆիցկիպըն, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամներ՝ Նիւ Սաութ Ուելսի նահանգապետ Կլատիս Պէրէճիքլեան, Ճանըթըն Օ՛Տիա, Հիւ ՄըքՏըրմըթ եւ Ուոլթ Սիքորտ։ Անոնց կը միանան նաեւ Ռայտ քաղաքի քաղաքապետ Ժերոմ Լաքսալ եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սարգիս Ետելեան։

Արցախի Աւստրալացի Բարեկամներ խմբակցութեան գլխաւոր նպատակներն են՝ նեցուկ կանգնիլ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին, աջակցիլ Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման եւ դատապարտել Արցախի ժողովուրդին դէմ ռազմական գործողութիւնները։

comments

Advertisement