Համահայկական 7-րդ խաղերի Լաւագոյն Քաղաք մրցանակին արժանացաւ Աւստրալիոյ Սիտնի պատուիրակութիւնը

By armenia.com.au | Saturday, 24 August 2019



Շաբաթ, 17 Օգոստոս 2019-ին, Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակին մէջ իր աւարտին հասաւ Համահայկական 7-րդ խաղերը, որուն պաշտօնական բացումը յայտարարած էր, Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի քաղաքային մարզադաշտին մէջ, 6 Օգոստոս 2019-ին:

Խաղերուն կը մասնակցէին 5000 մարզիկներ աշխարհի 145 քաղաքներէ: Մրցումներուն մէկ մասը տեղի ունեցան Արցախի մէջ, իսկ միւսը՝ Երեւանի:

Աւստրալիոյ պատուիրակութիւնը 50 հոգիէ կը բաղկանար:

Համահայկական խաղերու պատմութեան մէջ, առաջին անգամ «Լաւագոյն Քաղաք» մրցանակը ստացան՝ Հայաստանի «Էջմիածին» եւ Աւստրալիոյ «Սիտնի» քաղաքներու պատուիրակութիւնները:

ՀՀ Վարչապէտ Նիկոլ Փաշինյանը մրցանակը յանձնեց Սիտնիի պատուիրակութեան:

comments

Advertisement