Հայկական Ֆիլմերու Փառատօն Աւստրալիա Ընկերակցութիւնը՝ կը յայտարարէ 2019 տարեշրջանի Ծաւալուն Յայտագիրը

By armenia.com.au | Sunday, 25 August 2019


Հայկական Ֆիլմերու Փառատօն Աւստրալիա Ընկերակցութիւնը հպարտութեամբ կը յայտարարէ փառատօնի 4րդ ներկայացումը: Այս տարի՝ պիտի ցուցադրուին 19 Ֆիլմեր:Այս տարուայ ֆիլմերու շարքը պիտի ըլլայ ամենատպաւորիչը ու մեծագոյն փառատօնը, ներկայութեամբ 8 միջազգային եւ տեղական պատուարժան հիւրերու։

Պիտի ներկայացուին 12 երկար եւ 7 կարճ ֆիլմեր՝ երկու քաղաքներու մէջ հետեւեալ թուականներուն։–

6 – 15 Սեպտեմբեր 2019 Sydney, Top Ryde Event Cinema

18 – 20 Հոկտեմբեր 2019 Melbourne, Village Rivoli Cinema

2019-ի ծրագիրը պիտի ներկայացնէ շարք մը լայնատարած նիւթեր, երեւակայական, կատակերգութիւն, թատերախաղեր, սրտաճմլիկ հայրենասիրական վաւերագրական ֆիլմեր՝ Ֆրանսայէն, Եգիպտոսէն, ՄիացեալՆահանգներէն, Թուրքիայէն, Ռուսիայէն, Իտալիայէն, Արցախէն եւ Հայաստանէն ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացուի բացառիկԱւստրալիական առաջին ներկայացումներ։

Ընդառաջելով Մելպըրնահայ գաղութի պահանջքին, Մելպուրն այս տարի առաջին անգամ ըլլալով պիտի ցուցադրենք ֆիլմերը ըստ նշուած ժամանակացոյցին։

Իւրաքանչիւր նահանգ փառատօնի բացումը պաշտօնապէս պիտի կատարէ Հայկական ոճով եւ գեղարուեստական ֆիլմով։

Սիտնիի պաշտօնական բացումը պիտի ըլլայ Լորիկով։Հանդիսատէսներուն պիտի հրամցուի կախարդական թեմայով Լորիկը Հայկական սինէարուեստի ազնուական նուիրեալ՝ ՄիքայէլՊօղոսեանի կատարողութեամբ  և  ընկերակցութեամբ երգիչ ֆորշի եւ հայ գեղեցկուհի ՆարինեԳրիգորեանի։

Ֆիլմերու Փառատօնի Սիտնիի բացմանգիշերը– ‘կալայնայդ’ին (Gala Night) ներկայ պիտի ըլլայ NSW նահանգի Յարգելի Նահանգապետ Քլատիս Պէրէճիքլեան, ինչպէս նաեւ Լորիկի արտադրիչ (producer) Մարթին Մինասեան եւ Հօլիվուտի մրցանակակիր արտադրիչ (producer) Սեւ Օհանեան եւ Նաթալի Քասապեան:  Բացման այս հանդէսին նաեւ պիտի երգէ The Voice of Armenia-ի առաջնութիւնը շահող Մաշա Մնճոեան։

Մելպուրնի գաղութինհամար, առաջին անգամ ըլլալով պատմական Rivoli Theatre-ի մէջ, բացման գիշեր պիտի ներկայացուի հանրածանօթ Lost Birds գրաւիչ ու յուզիչ ֆիլմը՝ որ նախապէս ներկայացուածէր 2018-ին Սիտնի։ Դէպքը պատահած է 1915-ին, դիտուած երկու անմեղ երեխաներու տեսանկիւնէն։

Հայկական Ֆիլմերու Փառատօն Աւստրալիա-ի Վարիչներ՝ Մարկարէդ Չէրքէզեան Չէյթր եւ Հուրի Տէմիրճեան ըսին՝ «Ուրախութեամբ կը յայտնենք որ, պատիւը ունինք սինէմասէր հայ համայնքը միատեղ բերելով մօտիկութիւն ստեղծել և մեր փափաքն է որ ներկաները կարենան միասնաբար իրար հետ կիսել մեր Հայկական պատմութիւները։ Միաժամանակ այս տարուայ ծրագիրը ազգային առումով, նուազագոյն յարգանքի տուրք մը կը մատուցանէ անցիալի քաջերուն եւ կը գովերգէ մեր ներկայ հերոսները։ Յոյսովենք որ հանդիսատեսները պիտի վայելեն այս տարուայ ֆիլմերու ցուցադրութիւնը»։

Ֆիլմերու Փառատօնին ներկայ պիտի ըլլան յիշատակելի 8 միջազգային հիւրեր որոնք առիթը պիտի տան Աւստրալիոյ համայքին անձամբ հանդիպելու Ֆիլմերը պատրաստողներուն, որոնց 50% կանայք են։ Ինչպէս օրինակ Մարիամ Օհանեան, կանանց իրաւունքի պաշտպան, որ նաեւ հիմնած է եւ իբր տնօրէն կը պաշտօնաւորէ Երեւանի «Կին» Միջազգային Ֆիլմի Փառատօն–ի ընկերութեան մէջ։

2019-ի ծրագրի մէջ Armenia Uncovered Ֆիլմը պիտի ներկայացուի տաղանդաւոր դերակատար Գեւ Օրգեանի կողմէ։

Փակման գիշերը Գեւ Օրգեանի հետ նաեւ ներկայ պիտիըլլայ Աւստրալիահայ ղեկաւար-ռեժիսոր ԱնտիՍիմօն եւ արտադրիչ (producer) Լոնտօնբնակող ՐաֆֆիԴանիէլեան։

Այս տարի, աշխարհածանօթ ՇարլԱզնավուրի մահուան առաջին տարելիցին առթիւ առ ի յարգանք մեծահամբաւ երգիչին՝ ՝Ազնավուրիինքնակենսագրութիւնը՝ (Aznavour: Autobiographie) պիտի կատարուի  երաժշտական ներկայացումով մը։

Նաեւ պիտի ցուցադրենք մրցանակակիր վաւերագրական 'Մենք Եգիպտահայեր Ենք'ֆիլմը.  որուն պիտի յաջորդէ զրույց, հարցում-պատասխան, ռեժիսոր  ՈւահիիտՍօպհիի և արտադրիչ ՀաննանՂեզզաթի հետ։

Արցախէն, Վերադար ձՏուն (Coming Home)կը ներկայացնէ պատերազմի ազդեցութիւնը ընտանեկան կեանքի վրայ, սրտաճմլիկ բայց ուրախ ֆիլմմը։Ասոր պիտի յաջորդէ այլ երկու կարճ վաւերագրական ֆիլմեր, դարձեալ Արցախէն, որոնք դիտողին ուշադրութեան կիզակէտի կը կապեն Արցախի իրականութիւնը։

——————

Հայկական Ֆիլմերու Փառատօն Աւստրալիա՝ ընկերակցութիւնը, Համազգայինի Շանթ Մասնաճիւղի նախաձեռնութիւն է ։

 

Ֆիլմերու փառատօնի տոմսերը այժ կը վաճառուին.

Տոմսերու համար կը խնդրենք այցելել։–

armenianfilmfestival.com.au/venue-tickets-2019/

 

Ֆիլմերու փառատօնի ծրագրի համար այցելեցէք մերԿայքը՝ (website) ։ www.armenianfilmfestival.com.au



comments

Advertisement