Յայտարարութիւն. Ոչ եւս է Տիար Գիրգոր Էրվանը

By Galstaun College | Monday, 02 September 2019



Յայտարարութիւն

Աւստրալիոյ Համազգայինի  Շրջանային Վարչութիւնը, Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն  Ճեմարանի Խնամակալութեան  եւ Տնօրէնութեան հետ միասնաբար  սրտի  խոր կսկիծով կը գուժեն  մահը  Ճեմարանի Բարերար՝  Տիար Գիրգոր Էրվանի:

Հանգուցեալ՝  Գիրգոր Էրվանի երազանքն էր հայաշունչ ուսումնարանի կերտումը այս հեռաւոր ափերուն մէջ, ուր հայկական շունչով պիտի դաստիարակուին Աւստրալահայ նոր սերունդը, եւ առ այդ պատճառաւ սրտաբուխ նուիրատուութեամբ հոգացած էր նախակրթարանի բաժնի Երրորդ դասարանի շինարարութեան ծախսերը,  որուն պտուղները  33 տարիներու ընթացքին վայելած են եւ կը շարունակեն  վայելել  ճեմարան յաճախող  Աւստրալահայ գաղութի զաւակները եւ  նամանաւանդ հանգուցեալի ծոռները:

Գօլստըն Ճեմարանի մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին ցաւակցութիւնն  ու վշտակցութիւնը  յայտնելու Էրվան ընտանիքին եւ կ'աղօթենք առ Բարձրեալին որ երկնքի արքայութեան մէջ ընդունի իր հոգին եւ մխիթարութիւն շնորհէ իր բոլոր հարազատներուն:


Յիշատակն Արդարոց Օրհնութեամբ Եղիցի՝


Աւստրալիոյ Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւն

Գօլստըն Ճեմարանի Խնամակալութիւն

Գօլստըն Ճեմարանի Տնօրէնութիւն



comments

Advertisement