Տեղի Ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ. Աւստրալիոյ Անդրանիկ Մասնաճիւղի Ա. Կարգի Սեմինարը

By armenia.com.au | Wednesday, 18 September 2019



Սիտնի.- Կիրակի, 8 Սեպտեմբեր 2019-ին, Նարեմպըրնի սկաուտական սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ. Աւստրալիոյ «Անդրանիկ» մասնաճիւղին Ա. Կարգի սեմինարը:

Սեմինարի հիւր դասախօսներն էին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Վիգէն Քորթեան, Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան կողմէ՝ Ներսէս Պալիոզեան, Ուսման նպատակով ներկայիս Աւստրալիա գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Արտակ Վրդ. Արապեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Աւստրալիոյ «Անդրանիկ» մասնաճիւղի նախքին խմբապետներէն՝ Ալիս Մոմճեան:

Սեմինարի իւրաքանչիւր մասնակցող ստացաւ անհատական յուշատետր մը, նուիրուած Դրօ Մոմճեանի կողմէ:

comments

Advertisement