Տեղի Ունեցան Հ.Մ.Ը.Մ. Աւստրալիոյ Արարատ եւ Նաւասարդ Մասնաճիւղերու Ա. Կարգի Սեմինարները

By armenia.com.au | Wednesday, 18 September 2019



Սիտնի.- Կիրակի, 8 սեպտեմբեր 2019-ին, տեղի ունեցան Հ.Մ.Ը.Մ. Աւստրալիոյ «Արարատ» եւ «Նաւասարդ» մասնաճիւղերու Ա. Կարգի Սեմինարները:

Սեմինարի դասախօսներն էին, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ՝ Քայլար Միքայէլեան, Հ.Մ.Ը.Մ. Աւստրալիոյ Շրջանային Խմբապետուհի՝ Սեւան Պազարճեան, Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութենէն՝ Տանիէլ Պէրպէրեան, «Նաւասարդ» մասնաճիւղի նախքին խմբապետներէն՝ Ճագ Տիօտադի եւ Արա Պոյաճեան, ինչպէս նաեւ «Արարատ» մասնաճիւղի խմբապետ՝ Վրէժ Աքճեան:



Սեմինարի ընթացքին մասնակցողները խմբակային դրութեամբ աշխատանք տարին գծելու եւ պատրաստելու դրօշակի կայմ: Աւարտին անոնք ստացան Ա. Կարգի վկայագիր:

comments

Advertisement