ՀՕՄ Աւստրալիոյ Սօսէ Մասնաճիւղի Ընկերային Համախմբում

By armenia.com.au | Wednesday, 23 October 2019



Սիտնի.- Հայ Օգնութեան Միութեան Աւստրալիոյ Սօսէ Մասնաճիւղի ընկերային համախմբում մը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի 3 Հոկտեմբեր 2019 Հայ Մշակութային Կեդրոն սրահէն ներս Willoughby։

Ըստ սովորութեան տեղի ունեցաւ Bingo-ի խաղ, նաեւ ամսուայ հերդականութեամբ ուրախ մթլոլորտի տակ տօնուեցաւ տարեդարձ հետեւեալ ընկերուհիներու Ազատուհի Քէոսէեան, Մարալ Փիլիպոսեան եւ Արշօ Խաչերեան, ներկաները բարի մաղթանքներով ջերմօրէն շնորհաւորեցին ընկերուհիներուն տարեդարձը։

Յանձնախումբը իր ընթացիկ աշխատանքի կողքին, դարձեալ հակիրճ յայտագրով անդրադառձաւ սոյն ամսուայ մէջ զուգադիպող Եկեղեցական եւ ազգային տօներու մասին ինչպէս.-
- Հայ երգի մեծահանճար Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150 ամեակ.
- Մահ Ֆէտայի Սերոբ (Աղբիւր) Վարդանեանի.
- Մահ ՀՅԴ Դաշնակցութեան հիմնադիր Երորդութենէն Սիմոն Զաւարեանի.
- Հոկտեմբեր ամիսը.- Հայ Գիրերու Գիւտը Թարգմանչաց Տօն.
- LAB0UR DAY AUSTRALIA.

Ներկաները միատեղ վայլեցին ընկերային հաճելի ու ջերմ մթլոլորտ:

Ընկերային հաւաքոյթը տեղի կ'ունենայ ամսական դրութեամբ, ամէն ամսուայ առաջին հինքշաբթի օրը, առաւօտեան ժամը 10.30 – էն սկսեալ:

Կարելի է միասնաբար վայելելու, Bingo-ի խաղարկութեամբ ու զանազան անակնկալներով լեցուն ընկերային հաճելի մթնոլորտ։

comments

Advertisement