ՀՕՄ Աւստրալիոյ Սօսէ Մասնաճիւղի Ընկերային Համախմբում

By armenia.com.au | Wednesday, 04 December 2019



Սիտնի.- ՀՕՄ Աւստրալիոյ Սօսէ Մասնաճիւղի Ընկերային Համախմբում մը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի 7 Նոյեմբեր 2019 Հայ Մշակութային Կեդրոն սրահէն ներս Willoughby։

Ըստ սովորութեան տեղի ունեցաւ Bingo-ի խաղ, նաեւ ամսուայ հերդականութեամբ ուրախ մթլոլորտի մէջ, տօնուեցաւ տարեդարձը հետեւեալ ընկերուհիներու Սօնա Մելոյեան, Պերճուհի Կապրիէլեան, Արաքսի Աքիլեան, Սիլվա Գազանճեան եւ փոքրիկն Աբրահամ Գազանճեանի, ներկաները բարի մաղթանքներով ջերմօրէն շնորհաւորեցին ընկերուհիներուն եւ փոքրիկին տարեդարձները։

Յանձնախումբը իր ընթացիկ աշխատանքի կողքին, դարձեալ հակիրճ յայտագրով անդրադարձաւ հետեւեալ տեղեկութիւններու մասին.

-Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Համահայկական Մարզական խաղեր.
-ՀՕՄ-ի Համահայկական 72-րդ պատգամաւորական ժողով.
-ՀՄԸՄ-ի 12-րդ Համահայկական պատգամաւորական ժողով.
-Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան կազմակերպած շրջապտոյտը Հայաստան եւ Արցախ.
-Երեւան -Երեբունի 2801-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւն.
-Մ.Ա.Կ.ի ընդհանուր ժողովէն Հայաստան ընտրուեցաւ Մակի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի անդամ.
-Ա.Մ.Ն. ներկայացուցիչներու պալատը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող Բանաձեւը.
-20 Նոյեմբերին Երեխաներու իրաւունքներու Միջազգային Օր.
-Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը ընկերակցութեամբ Աւստրալիոյ դաշնակցային եւ նահանգային երեսփոխաններու այցելութիւնը Հայաստան եւ Արցախ։

Ներկաները միատեղ վայլեցին ընկերային հաճելի ու ջերմ մթլոլորտ։

Ընկերային հաւաքոյթը տեղի կ'ունենայ ամսական դրութեամբ, ամէն ամսուայ առաջին հինքշաբթի օրը, առաւօտեան ժամը 10.30 – էն սկսեալ։

Եկեք միասնաբար վայելելու, Bingo-ի խաղարկութեամբ ու զանազան անակնկալներով լեցուն ընկերային հաճելի մթնոլորտ։

- ՀՕՄ-ի Սօսէ մասնաճիւղի վարչութիւն

comments

Advertisement