Համազգային Աւստրալիոյ 21-րդ շրջանային ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները

By Hamazkaine Australia Regional Committee | Saturday, 28 December 2019



Սիտնի.- Համազգայինի շրջանիս 21-րդ շրջանային ժողովը աւարտելէ ետք իր աշխատանքները 02 նոյեմբեր 2019-ին, ընտրեց Շրջանային Վարչութեան նոր կազմ, որ կը բաղկանայ հետեւեալ ընկեր/ընկերուհիներէն՝

Ատենապետ             Սեդա Յովակիմեան

Ատենադպիր            Մոսիկ Ինճէճիկեան

Գանձապահ             Ռաֆֆի Շիշոյեան

Խորհրդական           Վահիկ Յարութիւնեան

Խորհրդական           Սիլվա Նազարեան

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Աւստրալիոյ նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը իր կազմութենէն անմիջապէս ետք, ունեցաւ ծանօթացման ու կարծիքներու փոխանակման շարք մը պաշտօնական հանդիպումներ` Աւստրալիոյ  ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէին, Թեմիս հոգեւոր առաջնորդին, եւ Միութեանս մասնաճիւղերու վարչութեանց հետ։

Սոյն հանդիպումներու աւարտին, Շրջանային Վարչութիւնը ունեցաւ լիագումար նիստ որդեգրելու համար իր երկամեայ ծրագիրները հիմնուելով Համազգայինի 21-րդ Շրջանային Ժողովի որոշումներուն վրայ, զորս կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ՝

  1. Ամրապնդել շրջանիս չորս մասնաճիւղներու եւ երկու մասնագիտական մասնաճիւղերու յարաբերական կապերը։
  2. Շարունակել հայերէն լեզուի բարելաւման ծրագիրը Համազգային Արշակ եւ ՍօՖի Գօլստըն Ճեմարանէն ներս, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Աւստրալիոյ չորս շաբաթօրեայ դպրոցներուն մէջ։
  3. Ծանօթացնել միութեանս աշխատանքները Աւստրալիոյ հայութեան որդեգրելով քարոզչական յատուկ ռազմավարութիւն, ներգրաւելու համար հանրութիւնը մշակութային ձեռնարկներու շրջագիծէն ներս։
  4. Կազմակերպել Աւստրալիոյ հայ արուեստագէտներու ցուցահանդէս, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութիւնը կրող H-PEM ծրագրի անուան տակ։
  5. Աճեցնել Աւստրալիոյ հայ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը հայրենիքէն ներս գործող Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք Hamazkayin Youth Forum ծրագրին, որուն միջոցաւ մատչելի սակով հայ երիտասարդը հնարաւորութիւնը կ՛ունենայ մօտէն ծանօթանալու հայրենիքին ։
  6. Համազգայինի համաշխարհային ծրագիրները աւելի լայն թափով ներմուծել Աւստրալիա, ինչպէս՝ «Բագին»ի բաժանորդագրութիւնը, Լալան ու Արան փոքրիկներու բջիջային ծրագիրն ու շարք մը ուրիշ ծրագիրներ, զորս կարելի է գտնել Համազգայինի պաշտօնական կայքէջին վրայ՝ hamazkayin.com։

Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ է եւ պիտի մնայ հաւատարիմ Համազգայինի հիմնադիրներուն ու զինք կանխած մարմիններուն մշակութային համահայկական նպատակներուն, հոգեմտաւոր աւանդներուն եւ ազգակերտ ծրագիրներուն:

Սոյն առթիւ, Շրջանային Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ իր անդամներուն եւ համակիրներուն Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան զոյգ տօները։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

comments

Advertisement