Թարգմանչաց վարժարանի 2019 տարեշրջանի ամավերջի հանդէս

By armenia.com.au | Sunday, 29 December 2019



Սիտնի.- Շաբաթ, 7 դեկտ․ 2019–ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Համազգայինի «Շանթ» մասնաճիւղի հովանին վայելող, «Թարգմանչաց» Շաբաթօրեայ վարժարանի հանդէսը սկիզբ առաւ Աւստրալիոյ, Հայաստանի եւ Թարգմանչացի երեք քայլերգներով։

Սրահը հոծ բազմութեամբ լեցուն էր, ներկայ էին՝ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Արքեպս Նաճարեան, Հոգեշնորհ՝ Հայր Արտակ Վրդ Արապեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային եւ «Շանթ» մասնաճիւղի վարչութիւնները, Ուսումնական խորհուրդն ու Գրական Յանձնախումբը, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամուհի՝ Ընկհ Նորա Սեւակեան, ՀՕՄ-ի Շրջանային եւ «Սօսէ» մասնաճիւղի Վարչութիւնները, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ՝ Տէր եւ Տիկին Քայլար Միքայէլեան, ինչպէս նաեւ Թարգմանչացի անցեալի Տնօրէններ:

Հայերէն բացման խօսքով բեմ բարձրացաւ Զ կարգէն՝ Անապել Ալաեան, որը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին անդրադառնալով, թէ այս տարուայ հանդէսը նուիրուած է Թումանեանի եւ Կոմիտասի ծննդեան 150 Ամեակին, ապա Անգլերէն լեզուով բացման խօսք ընթերցեց Զ կարգէն՝ Ճէյմս Թէրզեան։

Է եւ Ը կարգերէն Ալեք Պէրպէրեան եւ Նարեկ Տէմիրճեան կատարեցին օրուան բեմավարութիւնը խնամուած ձեւով։ Անոնք յայտագրի հերթականութեամբ բեմ կը հրաւիրէին աշակերտները ներկայացնելու իրենց բաժինները: Խիստ հետաքրքրական էր իրենց ներկայացման ձեւը, նիւթին առնչութեամբ յատուկ մէջբերումներով։

Առաջին հերթին բեմ բարձրացան մանկապարտէզի կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն դասարաններու աշակերտները, որոնց մանկական թոթովանքը Թումանեանի «Դպրոցի ճամբան» եւ Կոմիտասի «Կլորիկ» երգը գրաւեց հանդիսատեսը, անոնք հաճելի ձեւով ներկայացուցին նաեւ Տիկ. Մանուկեանին գրած «Կարմիր Կապոյտ Նարնջագոյն» արտասանութիւնը: Ապա, նարնջագոյն դասարանը իւրայատուկ կերպով ներկայացուց Ամենայն Հայոց բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանի գործերէն փունջ մը։

Դ կարգի աշակերտները ներկայացուցին Կոմիտասի կենսագրականը եւ իրենց անոյշ ձայնով երգեցին «Չինար Եարը»։ Ե եւ Զ կարգերը հանդէս եկան հայկական նազ պարով։

Յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան Ա կարգի աշակերտները ներկայացնելու «Ձօն Կոմիտասի» բանաստեղծութիւնը ապա Գ կարգի աշակերտները Կոմիտասի «Էս օր ուրբաթ է» եւ «Զար զնկայ» երգերով, բարձր պահելու հանդիսատեսի տրամադրութիւնները։


Բեմավարները բեմ հրաւիրեցին վարժարանիս վաստակաւոր տնօրէնուհի՝ Տիկ Զարուհի Մանուկեանը փոխանձելու իր սրտին խօսքը։ Ան խորախորհուրդ մտքերով տուաւ իր պատգամը: Ապա,  իր կարգին հրաւիրեց «Շանթ» մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Արփի Անգէշեանը, ներկայացնելու վարչութեան խօսքը, որմէ ետք բեմ բարձրացան նարնջագոյն եւ Ա կարգի ճլվլուն փոքրիկները հայկական պարով։

Հանդէսի առաջին բաժինը հասաւ իր աւարտին մանկապարտէզի վկայականաց բաշխումով։

Շատ կարճ դադարէ ետք բեմ հրաւիրուեցան Զ կարգի աշակերտները ներկայացնելու Թումանեանի կենսագրականը, ուր միատեղ լուսարցակի վրայ ցուցադրուեցաւ Թումանեանի նկարներէն։ Բ եւ Գ կարգի աշակերտները խանդավառեցին ներկաները հայկական պարով, որմէ ետքը Թումանեանի «Մի կաթիլ մեղր»ը ներկայացուեցաւ թատրոնի ձեւին տակ, որուն բարոյական դասն էր բերնէ բերան կ’ըլլայ գերան։

Յիշենք որ Բ կարգի աշակերտները արտասանեցին «Ձօն Թումանեանի» եւ մանկական քառեակ Կոմիտասին։ Իսկ Եկարգը ներկայացուց Թումանեանի ստեղծագործութիւններէն «Մեր ուխտը»։

Զ կարգի վկայականաց բաշխման պահն էր, զգացական պահ։ Վկայականներու կողքին կարգ մը աշակերտներ ստացան գնահատագիրներ: Լաւագոյն աշակերտի գնահատագիրը ստացաւ Ճէյմս Թերզանեան, ճիգ եւ Ժրաջանութեան գնահատագիրը ստացան        իսկ Ճէյք Պետիկեանը կրթական Նախարարութեան կողմէ ստացաւ Մինիստր ըուօրտի գնահատականը Highly Recomend-ով ապա իր եւ ընկերներուն անունով ընթերցեց հրաժեշտի ուղերձը։

Իսկ ամենախորիմաստ բաժինը, որ յետայսու Տիկին Մանուկեան անուամբ գնահատականը ամէն տարի պիտի ստանայ այն աշակերտը որը թէ բարոյապէս եւ թէ աշխատանքով ու նկարագրով բարձր կը մնայ ամբողջ տարուան ընթացքին։ Այս գնահատականով առաջին տարին ըլլալով վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Վարդան Պետիկեան իր սրտի խօսքը փոխանցելէ ետք պարգեւատրեց Ը կարգէն Նարեկ Տէմիրճեանը ։

Վարժարանիս երգչախումբը ղեկավարութեամբ ՕրՇուշան Սարեանին ոգեւորեց ներկաները «Ապրել խաղաղ» եւ «Հայաստան» երգերով:

Աւարտին, վարժարանիս տնօրէնուհի՝ Տիկ. Մանուկեան հրաւիրեց սրբազան հայրը փոխանցելու իր սրտին խօսքը: Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կողմէ պատրաստուած կոկիկ եւ օրինակելի հանդիսութիւնը, վերելք եւ նորանոր նուաճումներ մաղթեց վարժարանիս եւ ապա պահպանիչով փակեց հանդէսը:

Թղթակից



comments

Advertisement