Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի ճաշկերոյթը կը հանգանակէ 145 հազար տոլար

By armenia.com.au | Saturday, 11 January 2020



Սիտնի.- 
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան հանգանակութիւն ձեռնարկը յաջողեցաւ հաւաքել աւելի քան 145 հազար Աւստրալիական տոլար: Ձեռնարկին պարգեւատրուեցան, Նիու Սաութ Ուէյլզ նահանգի նահանգապետ՝ Գլատիս Պէրէճիքլեան, Աւստրալիական դաշնակցային խորհրդարանի անդամ՝ Թիմ Ուիլսոն եւ առաջատար Ռատիոյի հաղորդավար՝ Ալան Ճոնզ:

Սիտնիի «Հիլթոն» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցած յիշեալ փայլուն ձեռնարկին, ներկայ էին նշանաւոր հիւրեր գլխաւորութեամբ Պէրէճիքլեանի եւ Ուիսոնի, որոնց ընկերակցեցան դաշնակցային խորհրդարանականներ՝ Քրիստինա Քենեալին, Թրենտ Զիմերման եւ Ժոէլ Կիցկիպոն, որ կը ներկայացներ Աւստրալիոյ ընդդիմութեան ղեկավար՝ Անթոնի Ալբանեսին:

Ներկայ էին նաեւ Աւստրալիոյ նախկին պաշտպանութեան նախարար՝ Կրահամ Ռիչարտսոն, նահանգային խորհրդարանականներ՝ Ճոհնաթն Օտեայ, Ուոլթ Սեկորդ, Պատուելի Ֆրետ Նայլ եւ անոր նախկին գործընկեր՝ Ամանտա Ֆազիոն, ինչպէս նաեւ, Հայկական, տեղական, Հունական, Ասորիական եւ Հրեական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու եւ տեսահոլովակներու համար սեղմել՝ այստեղ:

comments

Advertisement