Կոչ Աւստրալահայութեան - Աջակցինք Լիբանանահայութեան

By ARF-AU | Wednesday, 05 August 2020




Սփիւռքահայութեան եւ մեր հայրենիքի համար մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող եւ ի մասնաւորի սփիւռքահայ գաղթօճախներուն մտաւորական եւ այլազան ուժ տրամադրող Լիբանանահայ գաղութը, երկար ամիսներէ ի վեր կ'ապրի դժուար կացութեան մէջ: Վստահ ենք որ բոլորդ ալ տեղեակ էք Լիբանանահայութեան դիմագրաւած ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւններուն մասին: 

Աշխարհասփիւռ հայութիւնը անտարբեր չի կրնար մնալ տեսնելով սփիւռքի մայր գաղութներէն մէկուն տնտեսական եւ մարդկային անբարենպաստ պայմանները: 

Առ այդ, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն եւ անոր հովանիին տակ գործող միութիւններն ու կազմակերպութիւնները մէկտեղելով իրենց ջանքերը կեանքի կոչեցին Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Աւստրալիոյ Մարմինը, որուն հիմնական պարտականութիւնը պիտի ըլլայ պատրաստել եւ համադրել Լիբանանահայութեան օժանդակութեան կապակցութեամբ տարուելիք աշխատանքները:

Մեր այս յայտարարութիւնը լոյս ընծայելէն անմիջապէս առաջ տեղեկացանք այն ահաւոր լուրը որ Պէյրութի հայաբնակ շրջաններուն մօտիկ գտնուող նաւահանգիստին մէջ հսկայական պայթում մը մեծ վնասներ պատճառած է Պէյրութ քաղաքին եւ անոր հայահոծ շրջաններուն, հետեւաբար օժանդակութեան հարցն ու անոր կազմակերպիչ մարմինի յառաջացումը կը դառնայ աւելի քան այժմէական ու անհրաժեշտ համայն հայութեան:

Այսօ'ր Լիբանանահայութեան նիւթապէս օժանդակութեան հարցը յոյժ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մեր բոլորին եւ ստեղծուած այս բարդ վիճակը կը մղէ մեզ կոչ ուղղելու Աւստրալահայութեան, որ այս հանգրուանին եւ նամանաւանդ ահաւոր այս պայթումի հետեւանքով յառաջացած կացութեան մէջ, չզլանալ իր անմիջական աջակցութիւնը ցուցաբերելէ սփիւռքի սիրտը հանդիսացող մայր գաղութներէն Լիբանանին, հասկնալով հանդերձ որ Աւստրալահայութիւնն ալ այսօր ունի իր դժուարութիւնները համաճարակի պատճառով ստեղծուած իրավիճակէն:

Առ այդ, Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Աւստրալիոյ Մարմինը անմիջապէս պիտի լծուի գործի, օժանդակութիւն ապահովելու Լիբանանի մեր քոյր/եղբայրներուն, որոնք այս օրերուն կ’ապրին ճգնաժամային վիճակ, երկրին քաղաքական եւ տնտեսական անկումին պատճառով։ Օժանդակութեան այս աշխատանքը պիտի ունենայ իր յատուկ ծրագիրը որ օրին կը փոխանցուի ձեզի կազմուած մարմնին կողմէ:

Կը թելադրենք մեր հայրենակիցներուն հետեւիլ մարմնի կոչերուն ու յայտարարութիւններուն։

Մեր եզրափակիչ խօսքով կ’ուզենք վստահեցնել Լիբանանահայ մեր հայրենակիցներուն թէ Աւստրալահայութիւնը նիւթապէս ու բարոյապէս ձեր կողքին է դժուարին այս օրերուն:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ

comments

Advertisement