Կոչ Աւստրալահայութեան Օժանդակելու Լիբանանահայութեան

By armenia.com.au | Friday, 07 August 2020



Աւստրալահայութիւնը թեւ եւ թիկունք պիտի կանգնի Լիբանանահայութեան:

Վերջին օրերուն բոլորս ականատես եղանք Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած այդ հսկայական պայթումին ու անոր գործած մեծ աւերներուն եւ վնասներուն, պատճառելով աւելի քան 135 մահ ու 5000 է աւելի վիրաւորներ: 

Դժբախտաբար, պայթումը տեղի ունեցաւ հայահոծ շրջաններու մօտակայ վայրի մը մէջ, ստեղծելով ողբերգական կացութիւն, քանդելով կամ ծանրօրէն վնասելով եկեղեցիներ, համայնքային կեդրոններ, տուներ, խանութներ եւ պատճառելով 11 հայորդիներու մահ եւ վիրաւորելով 250 ուրիշներ: Այդ ահաւոր պայթումը աւելի ծանրացուց Լիբանանի եւ Լիբանանահայութեան դիմագրաւած արդէն իսկ դժուարին պայմանները:

Հիմա ժամանակն է օժանդակելու գաղութի մը որ պատմականօրէն, նոյնիսկ մինչեւ այս վերջին աղէտը, միշտ կանգնած է ուս-ուսի մեր հայրենիքի, Արցախի եւ սփիւռքի բոլոր գաղութներուն անխտիր:

Օգնեցէ՛ք մեզի ձեռք երկարելու բոլոր անոնց որոնք կարիքը ունին օգնութեան: Կրնաք նուիրել այցելելով հետեւեալ կայքէջը:

Լիբանանի ճգնաժամը դժնդակ է ու մեզի կը ստիպէ անմիջապէս գործի անցնելու: Օգնեցէ՛ք մեզի բարելաւելու մեր հայրենակիցներուն կացութիւնը եւ մեղմացնելու անոնց ցաւերը, ինչպէս միշտ, լայն բանալով ձեր քսակները եւ կատարելով ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւնները համագաղութային մակարդակով կազմակերպուած այս դրամահաւաքին:

Հաւաքուած գումարները Աւստրաահայ գաղութի անունով պիտի փոխանցուին Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան յատուկ հաշիւին որ բացուած է Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ:

Կրնաք նուիրել այցելելով հետեւեալ կայքէջը կամ հետեւեալ հաշուեհամարին.
Account: Armenian Relief Society of Australia
BSB: 062-295
Account Number: 10425848


Մասնակից կազմակերպութիւններ՝

Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Աւստրալիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի
Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցի
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Աւստրալիոյ Վարիչ Մարմին
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն
Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութիւն
Աւստրալիոյ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն
Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն
Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ
Աւստրալիոյ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն
Աւստրալիոյ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն
Աւստրալիոյ Թէքէյեան Մշակութային Միութիւն
Աւստրալիոյ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւն
Աւստրալիոյ Տխրունի Երիտասարդական Միութիւն
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Միութիւն
Աւստրալիոյ ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդական Միութիւն
Աւստրալահայութեան Օժանդակութեան Աղբիւրներու Կեդրոն
Արմենիա Մետիա Մամլոյ եւ Տեղեկատուական Ընկերակցութիւն

comments

Advertisement