Արցախի եւ Հայաստանի դրամահավաք Բանոյեան կեդրոնէնում (English below)

By armenia.com.au | Sunday, 11 October 2020


Սիրելի Հայրենակիցներ,


2020 Սեպտեմբերի  27-ի առաւօտեան ժամերուն բոլորս ականատես եղանք Արցախի սահմանային շրջագծին եւ անոր անմեղ բնակչութեան հանդէպ կատարուած վայրագութեան:Դժբախտաբար այս կացութեան հետեւանքով հայկական բանակը եւ հայկական շրջանները վնասներու ենթարկուեցան:

Նկատի առնելով այս բոլոր իրողութիւնները, Արեւմտեան Սիտնիի Հ.Յ.Դ Քեռի կոմիտէութիւնը իր ենթակառույցներով ՝  Հ.Օ.Մ. Արաքս, Հ.Մ.Ը.Մ Նաւասարդ, Համազգային Սեւան, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան՝ Բեկոր  եւ Պատանեկան Միութեան՝ Խանասոր մասնաճիւղերու , կազմակերպած է Արցախի Օժանդակութեան դրամահաւաք Արեւմտեան շրջանի Բանոյեան կեդրոնէն ներս :

Դրամահաւաքէն գոյացած գումարը ամբողջովին պիտի տրամադրուի Հայաստանի Համահայկական Հիմնադրամին:
Ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարելու համար Բանոյեան սրահին մէջ ներկայ պիտի ըլլան վերոյիշեալ  միութիւններու ներկայացուցիչներ կէսօրէ ետք ժամը 6-էն 9-ը  հետեւեալ օրերուն.-

Երեքշաբթի 13/10/20
Չորեքշաբթի 14/10/20
Հինքշաբթի 15/10/20
Ուրբաթ 16/10/20

Դրամահաւաքը պիտի շարունակուի յաջորդ շաբաթուայ ընթացքին:

Շնորհակալութիւն ձեր համագործակցութեան


The ARF Keri Gomideh in Western Sydney along with ARS Arax, Homenetmen Navasart, Hamazkaine Sevan, AYF Pegor and AYF Juniors Khanasor, have organised a fundraiser for Armenia and Artsakh at the Panoyan Centre in Western Sydney.

All contributions will be donated to the Himnadram fundraiser.

Representatives of the organisations will be at the Panoyan Centre from 6pm – 9pm on the following days:

Tuesday 13/10/20
Wednesday 14/10/20
Thursday 15/10/20
Friday 16/10/20

comments

Advertisement