Լռելեան Ցոյց Գանպերայի Ազգային Մամլոյ ակումբին դիմաց

By armenia.com.au | Tuesday, 13 October 2020


Կազմակերպութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան, Չորեքշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2020-ին, Գանպերայի ազգային մամլոյ ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ լռելեան ցոյց մը, բողոքելու Հայաստանի եւ Արցախի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումներուն դէմ եւ Աւստրալիոյ լրագրողներու ուշադրութեան յանձնելու Արցախի ներկայ իրավիճակը:

Ազերիական դեսպանատան դիմաց կայացած շուրջ 500 Աւստրալահայերու ցոյցէն մէկ օր ետք, Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութենէն խումբ մը անդամներ հաւաքուեցան Գանպերայի ազգային մամլոյ ակումբին դիմաց, ուր կը գտնուէին բազմաթիւ լրագրողներ, ներկայ ըլլալու գանձապետ՝ Ճոշ Ֆրէյտնպըրկի աւանդական ելոյթին:

Երիտասարդ ցուցարարները հակառակ աննպաստ օդին, կանգնեցան Մամլոյ ակումբի բոլոր մուտքերուն դիմաց, եւ իրենց բարձրացուցած պաստարներով գրաւեցին լրագրողներու ուշադրութիւնը, որոնք մօտեցան նկարելու պաստարները եւ հետաքրքրութիւն յայտնեցին Երիտասարդներու բողոքներուն եւ պահանջքներուն շուրջ, զրոյցներ ունենալով կարգ մը երիտասարդներու հետ:

Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը հաստատեց, թէ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի Աւստրալիոյ լրատուամիջոցները անդրադառնան Արցախահայութեան դէմ կատարուող ոճրագործութիւններուն շուրջ:

comments

Advertisement