Հ․Յ․Դ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Յայտարարութիւն

By AYF-AU | Monday, 08 November 2021



Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը, Հայ ժողովուրդի 21-րդ դարու կրած անբացատրելի պարտութենէն մէկ տարի ետք խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի հայրենիքէն ներս ստեղծուած ահաւոր իրավիճակին եւ անկէ բխող բոլոր ժխտական հետեւանքներուն, որուն գերին դարձած է դժբախտաբար ազատատենչ ու կենսագործ հայ ժողովուրդը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։

Անփառունակ ու խայտառակ պատերազմական պարտութիւնը, պէտք էր անպայման հայ ժողովուրդին թելադրէր պետական կառավարման նոր յղացք ու նոր մտածողութիւն, որովհետեւ «նորի» լոզունգներով հրապարակ եկած մտածողութիւնը ջախջախիչ պարտութիւն կրած էր ու վարկաբեկուած։

Նման պարագաներուն փոփոխութիւնները ոչ միայն անհրաժեշտ են, այլ կենսական, իսկ այն ինչ որ կը պատահի հայրենիքէն ներս անհասկնալի են ու անըմբռնելի, որոնք ահաւոր վայրէջքով անդունդ կ՚առաջնորդեն մեր պետական անկախութիւնը։

Եթէ մէկ կողմէն ընդդիմադրութեան պահանջները շատ յստակ են ամիսներէ ի վեր, միւս կողմէ իշխանութիւնը անհեռատես ու անյստակ քաղաքականութեամբ կը մօտենայ հարցին, մերթ ընդ մերթ փոխելով տեսակէտներ, պահուան ազդեցութեան տակ։

Եկած է ժամը հասկնալու, թէ հայ ժողովուրդը ունի մեծատաղանդ տարրեր, որոնք կրնան դեր խաղալ հայրենիքի փրկութեան այս կարեւոր ժամանակահատուածին։

Եկած է պահը, որ պարտուողի հոգեբանութիւնը փոխարինուի մեր ժողովուրդի ահաւոր ներուժի մասնագիտական տաղանդով եւ հայրենի ժողովուրդին մատուցուի վերակենդանացման դրական փոփոխութիւն, որուն արդարօրէն կը սպասէ։

Պէտք է առերեսուիլ իրականութեան հետ եւ ոչ թէ ապրիլ խաբկանքներով։

Նոր յղացք ու նոր մտածողութիւն հիմնուած ազգային արժէքներու վրայ, պէտք է ըլլայ մեր միակ ձգտումը, որպէսզի կարենայ շունչ առնել ստեղծագործ այս ազգը։

Վստահ ենք, որ այս գիտակցութեամբ վերջ կու տանք այս ոչ նախանձելի հանգրուանին եւ կը կերտենք հզօր հայրենիք 21-րդ դարու ընթացքին։

Մենք՝ որպէս հայ երիտասարդական շարժում, չենք կրնար համակերպիլ ներկայ կացութեան հայրենիքէն ներս, որովհետեւ մեզի համար անընդունելի է թուրք-Ազրպէյճանական քաղաքականութեան յարմարուող Հայաստանի իշխանութեան դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ անընդունելի է անոնց կողմէ որդեգրուած պառակտողական ու ազգակործան կեցուածքը, որուն արդիւնքներէն են Արցախի ու Սիւնիքի հայաթափումը:

Մենք՝ այս հակահայ կեցուածքներէն ու երկրի ընկերատնտեսական կացութենէն մղուած, որոշած ենք պայքարիլ բոլոր ճակատներու վրայ կասեցնելու Թուրք – Ազրպէյճանական քաղաքականութիւնը որուն հիմնական թիրախն է հայաթափել մեր հայրենիքը ու կատարել իրենց բանթուրանական վաղեմի ծրագիրը Հայութեան եւ Հայաստանի հաշւոյն:

Պէտք է վերջ դրուի այս ազգադաւ անկումին, որպէսի ազգային գաղափարախօսութիւնը յաղթանակէ հայրենիքէն ներս ու Հայաստանը վերակենդանանայ ու զարգացման ուղին բռնէ:


ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւն

comments

Advertisement