Օրուան հրամայականն է ըլլալ զգօն եւ պատրաստակամ

By armenia.com.au | Monday, 26 September 2022




Սիրելի Աւստրալահայեր,

31 Տարիներու անկախութենէն ետք, Հայաստանի սահմանները վտանգուած են Թուրքիոյ քաջալերանքով Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակումներուն եւ հողային բռնագրաւումներուն պատճառով: Անգամ մը եւս կռուախնձոր դարձած է մեր հայրենիքը եւ սպառնալիքի տակ է անոր գոյութիւնը:

Աւստրալահայ համայնքը մտահոգ է եւ անձկութեամբ կը հետեւի տխուր իրադարձութիւններուն:

Համայնքի հոգեւոր, քաղաքական, բարեսիրական, մշակութային, մարզական եւ երիտասարդկան կազմակերպութիւնները խստիւ կը դատապարտեն 13 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի սանձազերծած ծաւալապաշտական յարձակումները մեր հայրենիքի սահմանամերձ շրջաններուն դէմ, որոնց նպատակը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Հայ ազգին դէմ  նոր ցեղասպանութեան մը իրագործումը եւ Թուրքիոյ դարաւոր երազանք՝ փան-թուրանական ծրագիրներու գործնականացումը:

Ցեղասպանութենէն ի վեր մեր պատմութեան  մէջ ամենէն օրհասական եւ վճռորոշ օրերն է որ կ'ապրինք այսօր: Հայ համայնքին համար յուսահատիլը բացառուած է իսկ անտարբեր մնալը՝ անընդունելի:

Աշխարհաքաղաքական ներկայ մթնոլորտը կը պահանջէ խուսափիլ  քաղաքական արկածախնդրութենէ, առիթ չտալ միջազգային դիւանագիտութեան սադրանքներուն, չխաբուիլ «խաղաղութիւն» պիտակին տակ թագնուած ազգակործան սուտ ծրագիրներէն:

Այսօր, աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է Հայրենիք-Սփիւռք ներդաշնակ աշխատանքը: Անհրաժեշտ է մէկտեղել մեր հաւաքական ներուժը ու համախմբուիլ Հայրենիքի փրկութեան օրակարգին շուրջ, ազգովին դիմադրելու մեր գոյութիւնը վտանգող սպառնալիքներուն դէմ: Առ այդ, կը պահանջենք որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս  գան Ատրպէյճանական նախայարձակ զօրքերը եւ Հայաստանը պահէ իր հողային ամբողջութիւնը: Արցախը  հայաթափելու համար կիրարկուած ռազմաքաղաքական ճնշումները անընդունելի են, իսկ  Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը՝ հրամայական: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը սակարկութեան առարկայ չէ եւ ճանաչման գործընթացը  դադար չի կրնար արձանագրել մինչեւ մեր  դատին արդար լուծումը:

Այս պատմական պահուն, կոչ կ'ուղղենք համախմբուիլ եւ միասնական ջանքերով մեր գործնական զօրակցութիւնը ցուցաբերել յօգուտ Հայաստանի եւ Արցախի: Օրուան հրամայականն է ըլլալ զգօն, ըլլալ պատրաստակամ: Մեզ առաջնորդողը մեր Հայրենիքի գերագոյն շահն է, անոր ապահովութիւնը, անոր հզօրութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

Կոչ կ'ուղղենք մեր հայրենակիցներուն սատար հանդիսանալ տարուող դիւանագիտական եւ քաղաքական աշխատանքներուն, գործուն եւ աշխուժ մասնակցութիւն ցուցաբերել կազմակերպուած միջոցառումներուն, յօգուտ մեր հայրենիքի գերագոյն շահերուն:

Կեցցէ՛ Հայաստանը, Կեցցէ՛ Հայ ժողովուրդը, Կեցցէ՛ Արցախը:

 

  • Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի
  • Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի
  • Հայ Աւետարանական Եկեղեցի
  • Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն
  • Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
  • Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
  • Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ
  • Հայ Իրաւանց Խորհուրդ
  • Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն
  • Հայ Օգնութեան Միութիւն
  • Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն
  • Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն
  • Թէքէեան Մշակութային Միութիւն
  • Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն
  • Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն
  • ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութիւններ
  • Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութիւն
  • Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Ջանից Երիտասարդաց Միութիւն
  • ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդաց Միութիւն
  • Տխրունի Երիտասարդաց Միութիւն

 

24 Սեպտեմբեր 2022

Սիտնի

comments

Advertisement