By Asbarez | Thursday, 16 February 2012
ՍԻՏՆԻ, «Արմէնփրէս».- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը Սիտնիի հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ Մարտ 16ին պիտի կատարէ ձեռնարկ մը՝ յարգանքի տուրք մատուցելու սումկայիթեան ջարդին զոհ գացած հայորդիներու յիշատակին: Սումկայիթեան ջարդերու 24ամեայ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկին պիտի մասնակցի նաեւ Աւստրալիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ուոլթ Սեգորտը: Ձեռնարկին պիտի ներկայացուի «Ղարաբաղի վէրքերը» խորագիրով վաւերագրական շարժապատկերը։
«Կարեւոր է յիշել իրադարձութիւնները եւ իրականացնել բազմաթիւ ձեռնարկներ, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը իրազեկ դարձնենք Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի մասին», ըսած է Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վարանդ Մկրտիչեան:
SYDNEY
MELBOURNE
comments