By Asbarez | Monday, 05 March 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աւստրալիա բնակող Հայաստանի մասնագիտացած բռնցքամարտիկ, կարգ մը դաշնութիւններու համաձայն թեթեւ ծանրութեան դասակարգին մէջ աշխարհի ախոյեան Վախթանգ-Վիկ Դարչինեան բարձր կը գնահատէ յառաջիկայ մրցումի իր հակառակորդը՝ ճափոնցի Շինսուկէ Եամանաթին՝ նշելով, որ վերջինս լաւ մարզիկ է։
Դարչինեանը, որ կը ներկայացնէ Հայաստանը, յայտնած է, որ ճափոնցի իր հակառակորդը նախապէս նման փորձառութիւն չէ ունեցած, ուստի չի կրնար զինք պարտութեան մատնել։
Վ. Դարչինեան հաստատած է, որ յաղթանակը ի՛րն է, եւ որ ինք լաւապէս պատրաստուած է մրցումին։
comments