By Asbarez | Wednesday, 07 March 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի տնօրէն Վարանդ Մկրտչեանը եւ Հոլոքոսթի կեդրոնի տնօրէն Ուորէն Ֆայնպըրկը քննարկած են միացեալ նախագիծեր, որոնց նպատակն է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Մելպոռնի բնակչութիւնը աւելի եւս իրազեկ դարձնել։
Հայկական պատուիրակութիւնը հրաւիրուած էր Հոլոքոսթի թանգարան, ուր 2010էն ի վեր կը գործէ պատմաբան Տոնա Լի Ֆրիզի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին աշխատանքներու մնայուն ցուցադրութիւնը։
Հոլոքոսթի կեդրոնի գործադիր տնօրէնը խոստացած էր նաեւ կոմիտէն ներգրաւել Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման յառաջիկայ նախագիծերուն մէջ:
«Մեզ ուրախացնում է պրն. Ֆանպըրկի պատրաստակամութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւնները ներառելու Հոլոքոսթի կենտրոնի կողմից իրականացուող ցուցահանդէսներում եւ նախագծերում: Մենք սերտօրէն համագործակցելու ենք կենտրոնի հետ՝ վերջ դնելու համար ցեղասպանութիւններին», նշած է Հայ Դատի Մելպոռնի գրասենեակի ներկայացուցիչ Յովիկ Մելքոնեան:
comments