By armenia.com.au | Tuesday, 23 February 2010

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ <<Դրօ>> առանձնակի կոմիտէի <<Ռուբէն Տէր Մինասեան>> խումբին, շաբաթ, 20 փետրուար 2010-ին՝ երեկոյեան ժամը 7։00-էն սկսեալ Հայ մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ-խրախճանք՝ նուիրուած Փետրուարեան ապստամբութեան 89-ամեակին եւ Ռուբէն Տէր Մինասեանի մահուան 59-րդ տարելիցին։
Բացման խօսքը արտասանեց ընկ. Գէոր· Թիւֆէնքճեան. ան ըսաւ, թէ 18 փետրուարը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ յատկանշական է այն իմաստով, որ անիկա կը խորհրդանշէ ըմբոստ ու ազատատենչ հայկական ո·ին, բռնութեան դէմ ապստամբելու եւ իր իրաւունքներուն տէր կան·նելու ազ·ային վճռականութիւնը։
Ապա ՀՅԴ <<Գալէ>> Պատանեկան միութեան անդամ ընկ. Դրօ Վարդուքեան ընթերցեց Խաչիկ Դաշտենցի <<Հայերէն>> ոտանաւորը, իսկ անկէ ետք յեղափոխական ·ործիչ Ռուբէն Տէր Մինասեանի կենսա·րական ներկայացուց ՀՅԴ <<Նիկոլ Դուման>> Երիտասարդական միութեան անդամ ընկ. Արամ Թիւֆէնքճեան. ան լուսարձակի տակ առաւ դաշնակցական ակնառու ղեկավարին տարած ·ործունէութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին եւ անկէ ետք։ <<Ռ. Տէր Մինասեան պիտի յիշուի իբրեւ նուիրեալ եւ խիզախ ֆետայի, յեղափոխական հեղինակաւոր ·ործիչ, դաշնակցական մեծ ղեկավար, պետական ու քաղաքական դէմք, նաեւ՝ իր հետաքրքրութիւններով, որոնք յեղափոխական ·րականութեան մէջ բացառիկ արժէք կը կազմեն>>, եզրափակեց Ա. Թիւֆէնքճեան։
Օրուան բանախօսն էր ընկ. Վի·էն Գալլողլեան, որ նախ անդրադարձաւ 18 փետրուար 1921-ի նախօրեակին Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին ու պայմաններուն, հայութեան ակնկալութիւններուն, որոնք ի դերեւ ելան, Հայաստանի մէջ ·ործադրուող բռնարարքներուն, բանտարկութիւններուն, սպանութիւններուն, ապա անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ այս բոլոր անիրաւութիւնները ժողովուրդը մղեցին ընդվզելու եւ ապստամբութեան դրօշը բարձրացնելու։ Ապստամբութեան արժեւորումը կատարելով՝ բանախօսը հաստատեց. <<Շնորհիւ Փետրուարեան ապստամբութեան հայ ժողովուրդը Խորհրդային իշխանութեան ցոյց տուաւ, թէ ինք պատրաստ է պաշտպանելու իր ազատութիւնն ու պատիւը։ Շնորհիւ այդ շարժման կարելի եղաւ մեծ թիւով ղեկավարներ փրկել բանտերու խուցերէն կամ աքսորէն։ Այդ ղեկավարները աւելի ուշ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան սփիւռքի ղեկավարման, կազմակերպման, ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի ·աղափարի պահպանման ու յաջորդող սերունդներուն փոխանցման իմաստով>>։ Ընկ. Վ. Գալլողլեան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Փետրուարեան ապստամբութենէն ետք Ռուբէն Տէր Մինասեանի սփիւռք անցնիլը եւ հոն Դաշնակցութեան ·ործին շարունակութիւնն ու ·աղափարին պահպանումը՝ աւելցնելով, որ անոր ·ործունէութիւնն ու ձ·ած աւանդը պատ·ամ են նոր սերունդներուն։ Իր խօսքը եզրափակելով՝ բանախօսը հաստատեց, որ Փետրուարեան ապստամբութեան ո·ին ու վճռականութիւնը միշտ առկայ կը մնան հայ ժողովուրդին մօտ, որ բոլոր ժամանակներուն ·իտէ ապստամբիլ՝ իր իրաւունքներուն ու արժանապատուութեան պահպանման ի խնդիր։
Բանախօսութենէն ետք բեմ բարձրացաւ ՀՅԴ <<Դրօ>> առանձնակի կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Պերճ Մոմճեան, որ ·նահատեց տարուած աշխատանքը եւ հրաւիրեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեան՝ փոխանցելու իր խօսքը։
Ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեան լուսարձակի տակ առաւ վերջին հան·րուանին Հայաստանի եւ հայութեան դիմաց ցցուած նորանոր մարտահրաւէրներն ու վերջին զար·ացումները, հայ-թրքական արձանա·րութիւններուն նկատմամբ Դաշնակցութեան որդե·րած կեցուածքն ու անոնց առնչութեամբ արձանա·րած վերապահութիւններն ու մերժողական կէտերը։ Ան դիտել տուաւ, որ կուսակցութիւնը միշտ կը փորձէ հանդարտութեամբ դիմա·րաւել հարցերը, փոխանցել իր կեցուածքներն ու ներկայացնել իր պահանջները, որպէսզի չկրկնուին 1921-ի դէպքերը, հայութիւնը կրկին բանտարկուելու եւ չարչարանքներու ենթարկուելու վախին դէմ յանդիման չկան·նի։
Պաշտօնական բաժինէն ետք երեկոն խանդավառեցին Հարպիկը՝ հայերէն խառն եր·երով, Յակոբ Կիւլիւմեանը ապա Օհաննէս Օհաննէսեանը ազ·ային-յեղափոխական եր·երով. անոնք ստեղծեցին բաւական ջերմ ու հարազատ մթնոլորտ, ժողովուրդը լիցքաւորուեցաւ յեղափոխաշունչ տրամադրութեամբ եւ ազ·ային բարձր ո·իով։ Անոնց կ՚ընկերակցէր օրկանիստ Թոնին։
comments