By armenia.com.au | Tuesday, 23 February 2010

Սիտնի: Աւստրալահայ համայնքի ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովը իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնեց Ճեմարանի խնամակալութեան 2010-2012 թուականներու ներկայացուցած ծրա·րին:
Այս ծրա·րին նպատակն է, ստեղծել լաւա·ոյն մթնոլորտը հայ աշակերտներու ֆիզիքական, մտային, ընկերային ու հո·եկան կազմաւորման համար:
Խնամակալութեան ծրա·իրն էր Համազ·այինի Գօլստըն Ճեմարանը դարձնել համայնքի ուշադրութեան կիզակէտը, հետեւաբար խորհրդաժողովին կողմէ վաւերացումը այս ծրա·րին, կարելի է ըսել թէ ճանաչումն է մեր նպատակներուն, յայտարարեց խնամակալութեան Ատենապետ Պրն. Արա Վարդուկեանը:
Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները.-
- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն.
- Համազ·այինի Շրջանային Վարչութիւն
- Հայ Օ·նութեան Միութեան Շրջանային Վարչութիւն
- Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութիւն
- Հայ Դատի Յանձնախումբ
- Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւն
Յիշեալ կազմակերպութիւնները կը ներկայացնէին 34 մասնաճիւղեր,
որոնք կը ·ործեն Աւստրալիոյ տարածքին: Խորհրդաժողովին ներկայ էր նաեւ Համազ·այինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ Դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանը:
Խնամակալութիւնն ու Ճեմարանի Տնօրէն՝ Պրն. Քայլար Միքայէլեանը ներկայացուցին այս ծրա·իրը մանրամասնութեամբ, որոնք կ՛ընդ·րկէին յաջորդ երեք տարիներու պատկերացում, իրենց դասաւանդման, ուսուցման պահանջներու ու աղբիւրներու ապահովման բոլոր մանրամասնութիւններով:
Խորհրդաժողովի նախա·ահ Պրն. Գրի·որ Սողոմոնեանը յայտնեց թէ, ժողովականները լսեցին ներկայացուած ծրա·իրը եւ իրենց օ·տակար ու շինիչ կարծիքներով օ·տակար հանդիսացան անոնց:
Խորհրդաժողովին մեծամասնութեան աջակցութիւնը ճեմարանին, փաստեց համայնքի երկարատեւ յանձնառութիւնը այս հաստատութեան:
Խնամակալութիւնը ներկայացուց նաեւ Ճեմարանի նիւթական իրավիճակը եւ յաջորդող երեք տարիներու պիւտճէն, ինչպէս նաեւ այն քարոզչական աշխատանքը, որ պէտք է տարուի աւելցնելու համար աշակերտական թիւերը 2010-ին, որոնց համաձայն ·տնուեցաւ խորհրդաժողովը:
Համազ·այինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Դոկտ. Մ. Մկրտիչեանը յայտնեց թէ ճեմարանը ունենալով այս խորհրդաժողովի աջակցութիւնը, կը նշանակէ թէ ունի Աւստրալահայութեան աջակցութիւնը եւ իր ·ոհունակութիւնը յայտնեց այս երեւոյթին նկատմամբ:
Ան աւելցուց նաեւ, թէ Ճեմարանը պիտի կազմաւորէ այս ·աղութի ապա·այ ղեկավարները եւ ուրախ եմ որ մեր բոլոր քոյր կազմակերպութիւնները անոր մէջ պիտի բերեն իրենց մասնակցութիւնը:
Խորհրդաժողովը մէկ վայրկեան յոտնկայս յար·եց յիշատակը Ճեմարանի բարերար Պրն. Արշակ Գօլստընին, ինչպէս նաեւ արժեւորեց Ճեմարանի բոլոր բարերարներու, անցեալի ու ներկայի խնամակալներու եւ Ճեմարանի պաշտօնեաներու նուիրական աշխատանքը:
Այս ծրա·իրը պաշտօնապէս պիտի ներկայացուի Ճեմարանի ծնողներուն ու համայնքին Չորեքշաբթի, 24 Փետրուարին:
Սիտնի, 20 Փետրուար, 2010
comments