By armenia.com.au | Wednesday, 05 January 2011

Սիտնի.- Հիմնուելով իր շրջանի 39-րդ ներկայացուցչական ժողովէն բխած առաջարկներուն վրայ, Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Դրօ առանձնակի կոմիտէի նորընտիր կազմը յաջորդ երկամեակը կը յայտարարէ <<երիտասարդականացման շրջան>> 120ամեայ կուսակցութեան ու իր բոլոր ուղեկից միութիւններուն որոնք կը ծառայեն Աւստրալահայ գաղութին։
Դրօ կոմիտէն գործակցելով իր ուղեկից միութիւններու վարչութիւններուն հետ պիտի աշխատի հայ երիտասարդութիւնը ներգրաւել իր շարքերէն ներս, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Համազգայինի շարքերէն ներս։
Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Օննիկ Սողոմոնեան ըսաւ.- <<Հակառակ անոր որ Աւստրալահայ երիտասարդութեան թիւը վերջին տասնամեակներուն մեծ թիւով աճ արձանագրած է, սակայն մեր բոլոր միութիւններէն ներս գործօն եւ աշխուժ երիտասարդներու թիւը շատ աւելի պակաս է քան ինչ որ էր 1970ական թուականներուն>>։
<<Մենք իբրեւ կոմիտէ կը հասկնանք պատճառները։ Այս օրերու երիտասարդները իրենց անձնական կեանքով շատ աւելի բազմազբաղ են քան 30 տարի առաջ բայց այս մէկը չի նշանակեր որ իրենք նուազ ազգային ու ազգասէր հայեր են։ Մենք պէտք է յարմարինք իրենց ու իրենց կարիքներուն եւ աւելի մատչելի դարձնենք մեր միութենական կեանքն ու գործունէութիւնը որպէսզի այսպիսով վստահ ըլլանք որ իրենք ալ մասնակից կը դառնան անոնց։ Մենք իբր կոմիտէ յանձնառու ենք այս մէկուն>>։
<<Մեր միութիւնները պէտք ունին երիտասարդ ղեկավարներու, նոր գաղափարներու եւ երիտասարդ եռանդի։ Կը հաւատանք որ յաջորդ երկու տարին <<երիտասարդականացման շրջան>> յայտարարելով պիտի կարենանք բոլոր մեր միութիւններու անդամներու միջին տարիքը նուազեցնել>>։
Յաջորդող շաբաթներու ընթացքին, կոմիտէի կազմը տեսակցութիւններ ու հանդիպումներ պիտի ունենայ իր ուղեկից միութիւններու վարչութիւններուն հետ, աշխատանքը համադրելու համար։
Ընկ. Սողոմոնեան աւելցուց.- <<Երիտասարդական հաւաքներ պիտի կազմակերպենք NSW-ի եւ Victoria-ի մէջ լսելու երիտասարդութիւնը եւ իրենց բացատրելու որ ժամանակը հասած է որ իրենց հայրենասիրութիւնը արտայայտեն նաեւ իրենց աշխատանքով ու գործունէութեամբ, անդամակցելով մեր միութիւններուն>>։
<<Կը քաջալերենք գաղութիս ընտանիքները օգնելու մեզի, մղելով իրենց զաւակները, թոռներն ու հարազատները ընդունելու մեր հրաւէրը եւ ներդրում ունենալու մեր համազգային նպատակներու իրագործման աշխատանքին մէջ>>։
comments