Կոչ Աւստրալիոյ՝ Սուրիահայերուն Օժանդակութիւն Ապահովելու Նպատակով

By Asbarez | Thursday, 20 December 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աւստրալիոյ կառավարութեան կոչեր եղած են յաւելալ օժանդակութիւն ապահովելու այն սուրիահայերուն, որոնք Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող բախումներուն հետեւանքով լքած են երկիրը. այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ Դատի գրասենեակը:

Հանթըր նահանգի խորհրդարանի անդամ Ճոյէլ Ֆիցկիպըն եւ Պրետֆիլտ նահանգի խորհրդարանի անդամ Փօլ Ֆլեչըր նամակով դիմած են Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Պապ Քարին՝ կոչ ընելով անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու եւ աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանի, հոն ապաստանած սուրիահայ գաղթականներու օգնութեան համար: Նոր Հարաւային Ուելսի օրէնսդրական խորհուրդի անդամ Վոլթ Սիքորտ եւս նման ուղերձով դիմած է արտաքին գործոց նախարարին:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Ղահրամանեան ողջունած է օրէնսդիրներու այս նախաձեռնութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց: «Շատ էական եւ կենսական անհրաժեշտութիւն է, որ օգնութիւնը հասնի բոլոր անոնց, որոնք այս դժուար պահերուն կարիքի մէջ են», աւելցուցած է ան:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ Դատի գրասենեակը վերջերս յայտարարած էր, որ աշխատանք կը տանի նաեւ Միջազգային զարգացման աւստրալիական գործակալութեան (AusAID) եւ արտաքին գործոց ու առեւտուրի նախարարութեանց հետ՝ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն օգնութիւն տրամադրելու հարցով. «Մենք կ՛աշխատինք Աւստրալիոյ կառավարութեան հետ, ապահովելու համար 24.5 միլիոն տոլարի տրամադրումը Հայաստանի բարեգործական կազմակերպութիւններուն», ըսած էր գործադիր տնօրէնը:

comments

Advertisement