Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Կոմիտէն Կը Յայտարարէ «Երիտասարդականացման Շրջան»-ի Շարունակութիւնը

By armenia.com.au | Tuesday, 05 February 2013



Սիտնի -
Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Դրօ առանձնակի կոմիտէի նորընտիր կազմը կը յայտարարէ ընթացաւարտ կոմիտէի «երիտասարդականացման շրջան» յաջող նախաձեռնութեան շարունակութիւնը 2013 - 2014 երկամեակին համար։

«Երիտասարդականացման շրջան» ծրագիրը 2011 - 2012 երկամեակին կոմիտէի գլխաւոր ծրագիրներէն էր որու իբրեւ արդիւնք Հ.Յ.Դ.-ն, իր հովանիին ներքեւ գործող մարմիններն ու կառոյցները եւ իր ուղեկից բոլոր միութիւնները (ՀՕՄ, Համազգային, Հ.Մ.Ը.Մ. եւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւն) աշխատանք տարին Աւստրալահայ երիտասարդներ ներգրաւելու իրենց շարքերէն ներս։

2011 - 2012 երկամեակին 18 նորագիրներ, որոնց մեծամասնութիւնը երիտասարդ, մուտք գործեցին Հ.Յ.Դ. շարքերը իսկ վերոյիշեալ միութիւնները կարողացան երիտասարդականացնել իրենց մասնաճիւղերու վարչական կազմերն ու յանձնախումբերը, ինչպէս նաեւ երիտասարդ նոր անդամներով բազմացնել իրենց շարքերը։

Հ.Յ.Դ. Դրօ առանձնակի կոմիտէն կը հաւատայ որ այս ծրագիրը պէտք է որ շարունակուի։ Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Օննիկ Սողոմոնեան ըսաւ.- «Ծրագրի յաջողութիւնը փաստ մըն է որ գաղութի մեր կազմակերպութիւնները լաւագոյն միջոցներն են երիտասարդութեան համար, ծառայելու հայութեան եւ Հայաստանի։ Մենք կը հաւատանք որ նախորդ երկամեակը պարզապէս սկիզբն էր այս նախաձեռնութեան եւ «երիտասարդականացման շրջան»-ը պէտք է որ շարունակուի 2013 - 2014 երկամեակին, եւ այս գծով ունինք մեծ ծրագիրներ»։

Հ.Յ.Դ. Դրօ առանձնակի կոմիտէի յաջորդ երկամեակի գլխաւոր ծրագիրներէն է Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութիւններու շարքերու եւ աշխատանքներու ընդլայնումն ու ծաւալումը։

Ընկ. Սողոմոնեան աւելցուց.- «Մեր պարտականութիւնն է մօտենալ մեր երիտասարդութեան, լսել ու հասկնալ եւ ապա հեղինակութիւն տալով իրենց, մղել զիրենք որ ապագայի մեր ղեկավարները դառնան ու առաջնորդեն մեզի»։


comments

Advertisement