Այցելութիւն Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազանին

By armenia.com.au | Tuesday, 05 February 2013



Սիտնի - Յունուար ամսուան աւարտին, Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Դրօ կոմիտէն իր լրիւ կազմով եւ ընկերակցութեամբ ՀՕՄ-ի, Համազգայինի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն, տեսակցութիւն ունեցաւ Թեմիս նորանշանակ Առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեանի հետ։

Սոյն կազմակերպութիւնները, որոնք հաւաքաբար ունին հազարաւոր անդամներ Աւստրալիոյ մէջ, շնորհաւորական իրենց մաղթանքները փոխանցեցին Սրբազան Հօր իր նշանակման առիթով։ Ապա, իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ հակիրճ ձեւով ներկայացուց իր կազմակերպութեան կամ միութեան ապագայի ծրագիրները ինչպէս նաեւ դիմագրաւած դժուարութիւնները, որոնց գծով Սրբազան Հայրը տուաւ իր խորհուրդը եւ յայտնեց իր աջակցութիւնն ու մասնակցութեան փափաքը։

Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց ըսելով թէ շատ քաջալերուած է երիտասարդ դէմքեր տեսնելով գաղութի ղեկավարութեան մէջ, եւ նաեւ շնորհաւորեց բոլորը իրենց տարած աշխատանքին համար, այս հեռաւոր ափերուն, յատկապէս երիտասարդութիւնը հայ պահելու, դաստիարակելու, պատրաստելու եւ քաջալերելուն մէջ։

Առաջնորդ Հայրը ըսաւ թէ մտադիր է մօտիկ ապագային իւրաքանչիւր կազմակերպութեան հետ առանձին հանդիպումներ ունենալու աւելի մօտէն ծանօթանալու անոնց ու իրենց տարած աշխատանքներուն եւ իր փափաքն է նաեւ այցելել անոնց կեդրոններն ու տարբեր հիմնարկները, ինչպէս նաեւ ներկայ ըլլալ անոնց կազմակերպած ձեռնարկներուն։

comments

Advertisement