By Asbarez | Tuesday, 26 February 2013

Աւստրալիոյ Հայ Դատի գրասենեակը կը դատապարտէ այդ երկիրի արտաքին գործոց նախարար Պոպ Քարրի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը «պատմական վէճ է» յայտարարութիւնը:
Այս մասին «Արմէնփրես»ին կը հաղորդէ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը:
Արտաքին գործոց նախարարը Լոյի ուսումնարանին մէջ իր ելոյթին ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութիւնը անուանած է «պատմական վէճ»՝ յայտարարելով, որ «իբրեւ կառավարութիւն՝ իրենք դիրքորոշում չունին այդ հարցին վերաբերեալ»:
Պոպ Քարրի այս քայլը մեծ հիասթափութիւն պատճառած է աւստրալիահայութեան մօտ:
Դեռ 1997ին արտաքին գործոց ներկայ նախարարը իր նուիրուածութիւնը ցուցաբերած է Աւստարլիոյ հայ համայնքին՝ միջնորդութիւն ներկայացնելով Նոր Հարաւային Ուելզի խորհրդարան եւ կոչ ուղղելով Աւստրալիոյ դաշնային կառավարութեան հետեւելու իր օրինակին եւ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: «Այս երկիրին մէջ մենք երբեք չենք մոռնար, թէ ինչ պատահած է հայերուն 1915-1923ի ընթացքին: Եկէք յարգենք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը», ատենին նշած էր Քարր:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը արտաքին գործոց նախարարին նաեւ նամակներով կոչ ուղղած է վերադառնալու իր նախկին համոզումներուն: «Այժմ զբաղեցնելով արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը, կարծես չափազանց դժուար կը համարէք հետամուտ ըլլալու այս հարցին: Դուք ոչ միայն որոշած էք, որ կառավարութիւնը չ՛ուզեր «դիրքորոշում ունենալ» այս հարցին շուրջ, այլեւ միացած էք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու խայտառակ քաղաքականութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը որակելով «պատմական վէճ», կը նշուի նամակին մէջ, որ տարածելու կոչ կ՛ուղղէ Հայ Դատի յանձնախումբը:
comments