
Սիտնի.- Յունուար ամսուան ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Դրօ առանձնակի կոմիտէն իր լրիւ կազմով Չացվուտի մէջ տեսակցութիւն ունեցաւ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Աղան Արքեպս. Պալիօզեանի հետ։
Սրբազան հայրը շնորհաւորեց կոմիտէի նորընտիր կազմը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց տանելիք աշխատանքին։ Երկու կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրար օժանդակելու Աւստրալահայ գաղութի գլխաւոր մտահոգութիւններուն լուծումներ գտնելու։
Հ.Յ.Դ. Դրօ առանձնակի կոմիտէն Առաջնորդ հօր փոխանցեց յաջորդ երկամեակի իր գլխաւոր նպատակը որն է երիտասարդութիւնը ներգրաւել գաղութէն ներս գործող միութիւններէն ներս ու զիրենք մասնակից դարձնել գաղութի տարբեր տեսակի աշխատանքներուն եւ ձեռնարկներուն։ Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց այս մէկը։