Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ կոմիտէն զարկ տուաւ իր երիտասարդականացման շրջանին

By armenia.com.au | Monday, 07 February 2011

Սիտնի.- Հ.Յ.Դ. Դրօ առանձնակի կոմիտէն զարկ տուաւ իր <<երիտասարդականացման շրջան>> նախաձեռնութեան գաղութիս երիտասարդութիւնը հրաւիրելով Հայ Մշակութային Կեդրոն, Ուիլուպի, խոռովածի երեկոյի մը։

Աւելի քան 70 երիտասարդներ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ընկերային հաւաքոյթին։ Ազգային եւ յեղափոխական երգերով երեկոն խանդավառեցին Սեւակ Վարժապետեան, Օհաննէս Օհաննէսեան եւ Յակոբ Կիւլիւմեան ընկերակցութեամբ օրկանիստ Թոնի Աքիլեանի։

Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Օննիկ Սողոմոնեան ներկաներուն ըսաւ.- <<Շատ ուրախ երեւոյթ է որ մեծ թիւով երիտասարդներ այսօր ակումբ եկած էք, այն ակումբը որ շինուած ու վերանորոգուած է այն միութիւններուն միջոցով ուր ձեր ծնողները, մեծ հայրերն ու մայրերը եւ հարազատները տարիներ շարունակ ծառայած են>>։

<<Ներկայիս այդ միութիւնները ձեզի պէտք ունին։ Կարիքը ունինք երիտասարդ ղեկավարներու, նոր գաղափարներու եւ երիտասարդ եռանդի որպէսզի յաջորդող տարիներուն եւ տասնամեակներուն գաղութս շարունակ նորանոր յաջողութիւններու եւ նուաճումներու տիրանայ>>։

Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան նախկին եւ ներկայ անդամներ նաեւ ներկայ էին ու բոլորն ալ իրար հետ շատ լաւ ժամանակ անցուցին։

Հ.Յ.Դ. Դրօ առանձնակի կոմիտէն յատուկ շնորհալական ու երախտագիտական խօսք յայտնեց Հարմիկ Յակոբեանի եւ բոլոր նուիրատուներուն որոնց շնորհիւ Ուիլուպիի Հայ Մշակութային Կեդրոնի սրահը ներկայիս կը վերանորոգուի ու կը բարեզարդուի։

comments

Advertisement