By Asbarez | Thursday, 02 May 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռետիօ».- Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Կալեսի խորհրդարանը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է ասորիներու, յոյներու եւ հայերու ցեղասպանութիւններու բանաձեւը: Ասորական համընդհանուր դաշինքի, Աւստրալիոյ յունական խորհուրդի եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի դիմումին ընդառաջելով՝ Նոր Հարաւային Կալեսի խորհրդարանը բանաձեւը վաւերացուցած է միաձայնութեամբ:
Աւստրալիոյ սոյն նահանգի խորհրդարանը 1997ի Ապրիլ 17ին արդէն իսկ վաւերացուցած էր այլ բանաձեւ մը, որով կը դատապարտուէր Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ Ապրիլ 24ը կը յայտարարուէր իբրեւ հայ զոհերու յիշատակի օր: Խորհրդարանը նաեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս դատապարտելու կոչ ըրած է Աւստրալիոյ կառավարութեան:
comments