Թուրքիա Կը Դատապարտէ Նոր Հարաւային Կալեսի Բանաձեւը

By Asbarez | Wednesday, 08 May 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Չորեքշաբթի, Մայիս 8ին Անգարա խստօրէն դատապարտեց Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ 1915-22ին տեղի ունեցած հայերու, ասորիներու եւ յոյներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնները ճանչցող Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Կալես նահանգի խորհրդարանին բանաձեւը՝ ազդարարելով, թէ այդ որոշումը կրնայ բացասական հետեւանքներ ունենալ:

Ըստ «Հիւրրիյէթ»ի՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Մայիս 8 թուակիր յայտարարութեան մէջ կը պնդէ, թէ աւստրալիական նահանգի խորհրդարանին բանաձեւը պատմական փաստերու վրայ չէ հիմնուած:

Աւստրալիոյ ամենաշատ բնակչութիւնը ունեցող նահանգը հանդիսացող Նոր Հարաւային Կալեսը, 1997ին պաշտօնապէս ճանչցած ու դատապարտած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը, իսկ անցեալ տարուան աշնան ճանչցած էր նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

comments

Advertisement