Անկախութեան 96րդ ամեակի հիւր բանախօս՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան

By armenia.com.au | Friday, 16 May 2014

 

Ցեղասպանութենէն երեք տարի ետք Հայ ժողովուրդը կրցաւ կերտել իր Անկախութիւնը: Անկախութիւն մը որուն տենչանքով ապրեցաւ Հայ ժողովուրդե շուրջ վեց դար: Սարդարապատի , Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերը հիմը դրին ներկայի Հայաստանի Հանրապետութեան:

Մայիսեան առասպելական յաղթանակներու 96րդ տարեդարձի առիթով Կիրակի 1 Յունիս 2014ին Համազգայինի Արշակ եւ Սօֆի Գոլստըն ճեմարանի «Նալպանտեան» սրահէն ներս տեղի պիտի ունենայ Անկախութեան 96րդ ամեակի նուիրուած գեղարուեստական հանդիսութիւն մը:

Հանդիսութեան ընթացքին օրուայ խորհուրդը պիտի փոխանցէ հիւր բանախօս Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան:

Դոկտ. Վիգէն ծնած է Լիբանան 1960ին: Նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանին մէջ: 1976 թուականին հաստատուած Լոս Անճելըս: Bachelor of Arts-ի (B.A.) վկայականը ստացած է UCLA համալսարանէն,Քաղաքական Գիտութեանց ճիւղին մէջ, ապա Master of Arts-ի (M.A.) վկայականը՝ University of Southern California-էն, Միջազգային Յարաբերութեանց մէջ (International Relations): Դոկտորական թէզը ամբողջացուցած է նոյն համալսարանի Միջազգային Յարաբերութեանց բաժնին մէջ, արժանանալով PhD տիտղոսին։

Դոկտ. Յովսէփեան վարած է բազմաթիւ ազգային-հասարակական պաշտօններ: 1992-էն մինչեւ 1998, յաջորդական երեք շրջաններու, ընտրուած է Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, ու ներկայացուցիչ: 2000-2011, ընտրուած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, 3 շրջաններ։ ներկայիս (2012-էն) ընտրուած է Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ:

Ասպարէզով կը գործէ Golden State Bank-ի մէջ՝ իբր Executive Vice President:

Հանդիսութեան ընթացքին նաեւ լուսարձակի տակ պիտի առնուի ՀՅԴ Աւստրալիոյ շրջանի յիսնամեակը որուն նուիրուած հանդիսութիւնները տեղի պիտի ունենան Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներու ընթացքին:

Գեղարուեստական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ ՀԱՍԳ ճեմարանի «Նալպատնեան» սրահէն ներս Կիրակի 1 Յունիս 2014-ին երեկոյան ժամը 5էն սկսեալ: Մուտքը ազատ է:


comments

Advertisement