* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Գօլստըն Ճեմարանի Աշակերտները՝ Հայրենիքի մէջ

Wednesday, 28 September 2011     |    |   

Source: Պէթթի Մարաշլեան - armenia.com.au
Tags: galstaun college, australia, armenia


Fly Dubai-ը տակաւին կը սաւառնի դէպի Հայաստան: Աշակերտները արդէն աւելի քան 16 ժամէ օդանաւին մէջ են, մեծապէս քաջալերուած՝ դէպի Հայրենիք առաջին ճամբորդութեամբ, սակայն անհամբերութիւնը կը յաղթահարէ ամէն տեսակի զգացում: Անոնք՝ Սիտնիի Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանի 10-րդ ու 11-րդ դասարաններու 31 աշակերտներն են: Հայաստանի օդային տարածքներուն վրայ, նախքան Զուարթնոցի մէջ վայրէջք կատարելը, իրենց առաջին դիմաւորողը կ'ըլլայ մեր հսկան՝ Արարատը, որ իր վեհաշուք տեսքով արդէն օդանաւի պատուհաններէն կ'ողջունէ սփիւռքահայերը:

<<Հայաստանը Դու Ես>> կարգախօսին տակ, աշակերտները, տասնեակ հազարաւոր Հայերու կողքին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Անկախութեան 20-րդ ամեակի զօրահանդէսին եւ համերգին, հպարտութեամբ ականատես դառնալով Հայրենիքի զինուորական եւ մշակութային կարողութիւններուն:

Հայաստան այցելութիւն մը ամբողջական չի կրնար ըլլար առանց յարգանքի տուրք մատուցելու Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն՝ Ծիծեռնակաբերդի մէջ: Այնտեղ, ապրումն ու յուզմունքը շատ աւելի հզօր էին, երբ աշակերտները սեփական աչքերով ծանօթացան ցեղասպանութեան լուսանկարներուն ու Ճեմարանի անունով Եղեւնի տնկեցին ցեղասպանութեան պուրակին մէջ: Աւելի ուշ, անոնք նաեւ այցելեցին Ղարաբաղեան զոհերու Եռաբլուր պանթէոն, ուր կարելի չէ արձունքները զսպել եւ չհպարտանալ:

Հեթանոսական Գառնի տաճառէն ետք ուղղուեցան Հայկական ճարտարապետութեան գլուխ գործոցներէն նկատուող Գեղարդավանք: Գեղարդի առջեւ կանգնած ըմբռնեցին, թէ Հայ ժողովուրդը, նոյնիսկ երբ ձեռքը ժայռերուն երկարէ, անոնցմէ հրաշալիքներ կը քանդակէ: Աշակերտներուն այցելութիւնները նաեւ ներառեցին Մատենադարանը, Եռաբլուրը, Նորավանքը, Ամբերդը, Օշականը, Այբուբէնի պուրակը, Երեւանեան արձանները, ինչպէս նաեւ Ազգային Ժողովի դահլիճը:

Աշակերտները նաեւ եռօրեայ շրջագայութեամբ մեկնեցան Արցախ: Ճամբուն վրայ, անոնք այցելեցին Խոր Վիրապ, ուր իջան արգելավայրը ու զարմացան, թէ այնտեղ մարդ մը ինչպէ՞ս կրնայ 13 տարի գոյատեւել: Ապա, Աշխարհի ամենէն երկար ,Տաթեւերե ճոպանուղիով անոնք Հալիձորէն ուղուեցան Տաթեւի հռչակաւոր վանքը: Աւելի ուշ, ազատ Արցախը ողջունեց հպարտ աշակերտներուն: Ստեփանակերտի մէջ այցելեցին Ղարաբաղեան Ազատագրական Պայքարի Նահատակներուն նուիրուած թանգարանը, ուր յուզմունքով հետեւեցան նահատակ զինուորի մայր՝ Կալիա մայրիկի հետաքրքրական բացատրութեան, որուն իբր արդիւնք, իրենց յուզմունքը վերածուեցաւ յաղթական զգացումի, ու աշակերտները համոզուեցան թէ Հայ ժողովուրդը միասնականութեամբ կրնայ յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւն: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան ընդունեց Գօլստըն Ճեմարանի աշակերտները՝ կառավարութեան դահլիճէն ներս եւ մտերմիկ զրոյցով բացատրութիւններ տուաւ Արցախի ներկայ իրավիճակի մասին: Հայաստան վերադառնալէ առաջ, անոնք նաեւ այցելեցին Շուշի, Գանձասար եւ պաշտպանութեան բանակի զօրանոցներէն մէկը:

Աւստրալահայ աշակերտներու Հայաստան այցելութիւնը տակաւին չէ աւարտած: Յառաջիկայ օրերուն, անոնք պիտի շարունակեն շրջապտոյտները դէպի Հայաստանի տեսարժան վայրեր, ընկերային հաճելի պահեր վայերելու եւ հայրենասիրական ջերմ շունջով տոգորուելու:
Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement